ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը Չորեքշաբթի, Յուլիս 17ին անհիմն համարած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի այն յայտարարութիւնը, թէ ատրպէյճանցիները խախտած են հայկական տարածքներու սահմանները։
Նախարարութիւնը պնդած է, որ «բռնագրաւուած տարածքները կը հանդիսանան ինքնիշխան Ատրպէյճանի հողերը եւ ատրպէյճանցիները ազատ են անոնց մէջ շրջագայելու՝ առանց արգելքի: Այդ մարդիկը, ինչպէս կը հաստատէ հայկական կողմը, չեն խախտած պետական սահմանը, քանի որ Հայաստանի կողմէ ապօրինի կերպով վերահսկուող հողերը ՄԱԿի կողմէ կը նկատուին ատրպէյճանական հողեր»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.