
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան փոխանցած տեղեկատուութեան համաձայն՝ Երեքշաբթի, 15 Յուլիսի առաւօտեան Մոսկուայի մեթրոյին մէջ տեղի ունեցած արկածին հետեւանքով վիրաւորուած ուղեւորներուն մէջ կան հայեր. Քոչարեան Մերի Աշոտի՝ 20 տարեկան, որ փոխադրուած է հիւանդանոց՝ ողնաշարի կոտրուածքով եւ գլխուղեղի վնասուածքով եւ Բուլղադարեան Աննա Օլեգի՝ 23 տարեկան, որ նոյնպէս հիւանդանոց փոխադրուած է:
Ռուսիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան տեղեկութիւններով՝ Մերի Քոչարեան կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքին մէջ: Վերջինիս վիճակը կը գնահատուի ծայրայեղ ծանր: Աննա Բուլղադարեան եւս կը գտնուի վերակենդանացման բաժանմունքը. անոր վիճակը կը գնահատուի միջին: ՀՀ դեսպանութեան դիւանագէտը այցելած է վիրաւորներուն։