ԵՐԵՒԱՆ, «Գրական թերթ».– Հայաստանի կառավարութեան եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան միացեալ՝ Հրանտ Մաթեւոսեանի անուան արձակի տարեկան մրցանակի 2013ի դափնեկիր դարձաւ Վաչագան Գրիգորեանի «Հրանտ Մաթեւոսեան. Ստեղծագործութիւնը» աշխատութիւնը: Մրցանակի յանձնման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 4 Յունիսին Հայաստանի գրողներու միութեան տան մէջ։ Միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեան անգամ մը եւս յիշեցուց, որ այս մրցանակը կը տրուի տարուան արձակ, ինչպէս նաեւ գրականագիտական լաւագոյն գործերուն համար: Մրցանակին նպատակը հեղինակը ճանաչելի դարձնելն ու բազմակողմանիօրէն ներկայացնելն է: Ելոյթ ունեցան նաեւ Պետրոս Դէմիրճեանը, Ռուբէն Յովսէփեանը, Վերժինէ Մովսիսեանը: Անոնք համակարծիք էին այն մասին, որ մրցանակակիր գիրքը կը ներկայացնէ Մաթեւոսեանի ամբողջ ստեղծագործութիւնը եւ բաւական ծաւալուն, հիմնաւորուած, փիլիսոփայական, աշխարհայեացքային, գեղագիտական աշխատութիւն է: Շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Վաչագան Գրիգորեանը՝ վստահեցնելով, որ մրցանակը պարտաւորեցնող է, եւ յոյս յայտնեց, որ այս գիրքը եւս կը գտնէ իր տարածումը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.