
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Մեր բանակի հերոսներու խիզախութիւնը պիտի գովերգենք, անոնց փառքը պիտի հիւսենք, պիտի խոնարհինք անոնց արիութեան առաջ:
Իւրաքանչիւր զինուորի նահատակութիւն՝ մեզ կը պարտաւորեցնէ մեր ցաւն ու զայրոյթը վերածել ուժի, ջրդեղել մեր կամքն ու վճռականութիւնը, որովհետեւ խրամատի մէջ թէ մեր բանակի թիկունքին՝ իւրաքանչիւրս յանձնառու պէտք է ըլլայ հզօր հայկական բազուկին հարուածով թշնամին շշմած պահելու:
Ատրպէյճանի ռազմական նոր նախարարը, կը յուսանք, որ իր դասը առաւ, ու իր արկածախնդրական գործողութիւններու արիւնալի հետեւանքները տեսնելով՝ պիտի կարենայ ճիշդ եզրակացութիւններ կատարել եւ իր քաղաքական ղեկավարներուն զեկուցել ուժային միջոցներով Արցախի հարցի լուծման անհնարինութեան մասին:
Դժբախտաբար գիտենք, որ այդպէս պիտի չըլլայ, ու պարզապէս ատրպէյճանցի ժողովուրդի աչքին փոշի փչելով՝ թալանն ու կողոպուտը շարունակելու միտումն է, որ տիրապետող պիտի ըլլայ Ալիեւին ու իր խամաճիկներուն քով:
Իրենք՝ իրե՛նցը, մենք՝ մե՛րը: Մենք պիտի շարունակենք մեր անսակարկ նեցուկը յայտնել հայկական բանակին, պիտի փառաբանենք անոր սխրագործութիւնները եւ պիտի կիսենք իւրաքանչիւր նահատակ զինուորի ծնողներու, հարազատներու ցաւը, պիտի դատապարտենք հայկեան ոգին տկարացնող իւրաքանչիւր փոքրոգութիւն, նեղ անձնական շահադիտական նկատառումներով կատարուած դիրքի կամ պաշտօնի չարաշահում: Կրնանք այսպէս նարեկացիական ոճով շարունակել՝ յիշելով մեր բոլոր անձնակեդրոն, եսամոլ, ապազգային շեղումները, որոնցմէ ազատագրուելու, փրկուելու հրամայականը կը պատգամուի նահատակ զինուորներուն կողմէ:
Ինքնամաքրման հնարաւորութիւն է, զոր կը շնորհեն մեզի մեր նահատակները. փառաբանե՛նք զանոնք, ապաշխարե՛նք ազգին ու հայրենիքին դէմ մեր մեղանչումներուն համար ու վերցնե՛նք մեր հաւաքական ոգին թուլացնող իւրաքանչիւր երեւոյթ: