ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալ Դաւիթ Տօնոյեանը 1 Օգոստոսին ընդունեց Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած օտար պետութիւններու ռազմական կցորդները: Հանդիպման նպատակը հայ-ատրպէյճանական ուժերու շփման գիծի երկայնքով վերջին օրերու լարուածութեան կտրուկ աճին մասին ռազմական կցորդները իրազեկ դարձնելն էր:
Դաւիթ Տօնոյեան ներկայացուց Ատրպէյճանի կողմէ ներթափանցման հետախուզական ու արձակազէնի գործողութիւններու աշխուժացումը եւ հայկական կողմին պատասխան քայլերուն մասին առկայ իրողութիւնները։ Ան կցորդներուն հետ կիսեց պաշտպանութեան նախարարութեան գնահատականներն ու ենթադրութիւնները լարուածութեան ներկայի սրումով Ատրպէյճանի հետապնդած նպատակներուն, հետագայ գործելակերպին, ինչպէս նաեւ հայկական զինուժի հաւանական պատասխան գործողութիւններուն մասին:
Հանդիպման աւարտին պաշտպանութեան նախարարի առաջին տեղակալը ռազմական կցորդները յորդորեց պաշտօնական խողովակներով ձեռնարկել անհրաժեշտ քայլերու՝ ներկայիս տիրող լարուածութիւնը նուազեցնելու եւ դրացի երկրին քայլերով իրավիճակը թէժացնող ու սադրիչ նոր գործողութիւնները արգիլելու նպատակով։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.