
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Մեծանուն գրող, գրական քննադատ ու սիրուած ուսուցիչ ողբացեալ Պօղոս Սնապեանի՝ մահացած 14 Յունիս 2014ին, Լիբանան, մահուան քառասունքի հոգեհանգստեան արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 20 Յուլիս 1914ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուս. եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
Հոգեհանգստեան արարողութեան ներկայ էին հանգուցեալի հարազատներէն՝ դուստրն ու փեսան՝ Կարինէ եւ Սագօ Փանոսեաններ ու զաւակները, որդին ու հարսը՝ Գալէ եւ Լիլիթ Սնապեաններ ու զաւակը, Պ. Սնապեանի համաքաղաքացիները, կուսակցական ընկերները ու համակրողներու ստուար բազմութիւն մը. անոնք եկած էին իրենց վերջին յարգանքի տուրքը մատուցանելու հանգուցեալի յիշատակին:
Հոգեհանգստեան արարողութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեսուրճի հիւրասիրութիւն, եկեղեցւոյ կից «Քարակէօզեան» սրահին մէջ, մասնաւորապէս պատրաստուած Սնապեանի հարազատներուն կողմէ:
«Բագին» ամսագիրի վաստակաւոր ու երկարամեայ խմբագիր Պօղոս Սնապեան ծնած է 11 Օգոստոս 1927ին, Մուսա լերան Պիթիաս գիւղը: Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին եւ Այնճարի «Յառաջ» վարժարանին մէջ: 1944էն սկսեալ իր ուսումը կը շարունակէ Երուսաղէմի ժարանգաւորած վարժարանը, ուր յաջորդական չորս տարիներուն բախտաւորութիւնը կ՛ունենայ աշակերտելու մեծանուն գրականագէտ ու գրական քննադատ Յակոբ Օշականին եւ ուր կը սկսի իր սէրն ու հետաքրքրութիւնը հանդէպ հայ գրականութեան ու հայ մշակոյթին: Պ. Սնապեանի մահուան առիթով գրուեցան երկոտասնեակ մը յօդուածներ, բոլորն ալ արդար ու տեղին՝ անշո՛ւշտ, բայց անոնց մէջ բաւարար չափով չհանդիպեցայ գրութեան մը, որ խօսէր Օշականի ու Սնապեանի, ուսուցիչի եւ աշակերտի փոխյարաբերութեան մասին. գուցէ իմ ուշադրութենէս վրիպած է, չեմ գիտեր: Ամէն պարագայի, խօսիլ ու գրել Օշականի ազդեցութեան մասին Սնապեանի վրայ՝ շատ մասնագիտական գործ է. կը ձգենք, որ մասնագէտները խօսին այդ մասին:
Իմ ընկերային յարաբերութիւնը Պ. Սնապեանին հետ 60 եւ աւելի երկար տարիներու կապ մը ունի, թէ ինչպէ՞ս. եղբայրս՝ Սարգիս Տէմիրճեանը, նոյնպէս Օշականի աշակերտ եղած է, Սնապեանին դասընկերը ու մտերիմը Երուսաղէմի Ժառանգաւորած վարժարանէն, վկայուած ու շրջանաւարտ եղած են նոյն տարին՝ 1948-1949 տարեշրջանին: Երբ Լիբանան վերադարձան, Պօղոսը՝ Այնճար ու մենք՝ Պուրճ Համուտ, Պօղոսը ամէն անգամ, երբ Պէյրութ կամ Պուրճ Համուտ գար, եղբօրս հետ կ՛ըլլար եւ յաճախ անոնք մեր խեղճուկ տունը կը զբաղէին. ես իրենցմէ եօթը տարի փոքր էի. որպէս կրտսեր եղբայր՝ դասերուս կը նայէին ու կ՛օգնէին, յաճախ կը զբաղէի իրենց հետ, ու այդպէս ալ շարունակուեցաւ երկար տարիներ:
Այդպէս, տարիները սահեցան. պարագաներու բերումով՝ 1971ին մենք հաստատուեցանք Սան Ֆրանսիսքօ ու իրենք մնացին Պէյրութ: Բայց մեր կապերը երբեք չկտրուեցան. որքան կը յիշեմ՝ 1973ին էր, երբ անակնկալ հեռաձայն մը ստացայ Պօղոսէն. ան կ՛աւետէր իր ու Արամ Հայկազին Սան Ֆրանսիսքօ ժամանումը. օդակայանէն վերցնելու պատիւը ինծի բախտ կ՛ըլլար. մեծանուն գրագէտ Արամ Հայկազի փառքի օրերն էին. Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կողմէ շքանշանի տուչութեան առիթով, ԱՄՆի կարգ մը հայահոծ քաղաքներու մէջ մեծարանքի ձեռնարկներու ընթացքին, Արամ Հայկազի կեանքն ու գործերը ներկայացնելու պարտականութիւնը Պ. Սնապեանին տրուած էր: Այդ ուրախալի առիթով բախտը ունեցանք քանի մը հաճելի օրեր անցընելու Արամ Հայկազին ու Պօղոս Սնապեանին հետ, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ: Այնուհետեւ, մեր կապը երբեք չկտրուեցաւ. հակառակ տարբեր աշխարհամասեր ապրելնուս, միշտ առիթ մը կը գտնուէր՝ Պէյրութ կամ Հայաստան մեր այցելութիւններուն ընթացքին, կամ իր ԱՄՆ այցելութիւններով, մանաւանդ տարիներ առաջ իր զաւակներուն ալ Սան Ֆրանսիսքօ հաստատուելով:
Մեր վաղեմի բարեկամին Սան Ֆրանսիսքօ վերջին այցելութիւնը 2009ի ամառն էր. եկած էր իր թոռնիկին՝ ԳԶՎէն շրջանաւարտ ըլլալուն առիթով. այդ քանի մը շաբաթները քանի մը հանդիպումներ ունեցանք ու մեր գլխաւոր նիւթերը եղան մեր ազգային մտահոգութիւնները, մեր երիտասարդութեան ապագան այս օտար ափերուն, հայրենի ժողովուրդին ներկայ վիճակը, Արցախի կարգաւորման հարցը, արտագաղթի հոսքը եւ այլն:
Այս բարեբաստիկ առիթը օգտագործելով՝ խնդրեցի իրմէ ունենալ հարցազրոյց մը, զոր սիրայօժար ընդունեց. իր շահեկանութեան համար, մեր ընթերցողներուն կ՛ուզեմ ներկայացնել միայն մէկ հարց ու պատասխան՝ ցոյց տալու Սնապեանի բեղուն գործունէութիւնը, նոյնիսկ՝ յառաջացած տարիքին: Հարցազրոյցի ամբողջութիւնը տպուած էր «Ասպարէզ»ի Շաբաթ, 22 Օգոստոս 2009ի թիւին մէջ:
«ԿԵՆՍԱԿԱՆ ՄԵԾ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ
ԻՐԱԿԱՆԱՑՆԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ,
ՊԷՏՔ Է ԶԳԱԼ ՈՒ ՅԱՆԴԳՆԻԼ»
ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ.- Ընկեր Սնապեան, գիտենք, որ աւելի քան քառասուն տարիներ «Բագին» գրական հանդէսը խմբագրելէ ետք, շուրջ վեց-եօթը տարի առաջ դադրեցաք անոր խմբագրապետութիւնը վարելու պաշտօնէն: Այդ դադարէն ետք, հետաքրքրական պիտի ըլլար գիտնալ, թէ ինչպէ՞ս լեցուցիք ձեր ժամանակը անցած այդ տարիներուն:
ՊՕՂՈՍ Սնապեան.- Ըսեմ մէկ բառով՝ նոյն զբաղումներով, թերթի ու գիրքերու խմբագրութեամբ ու հրատարակչութեամբ: Անհամեստաբար աւելցնեմ, որ 2003էն ասդին, միայն Պօղոս Սնապեանի հեղինակութեամբ լոյսի ընծայուած է շուրջ տասը հատոր, միջին հաշիւով՝ երկու հարիւր էջերու սահմաններու մէջ. «Կրկէսին Մէջ»՝ երեք հատոր, «Աղքատներուն Աւանդութիւնը-Գ.», ««Ես Իմ Անուշ Հայաստանի»ի Ոդիսականը», «Մեր Փարախէն Ներս», «Թիւրիմացութեամբ Եւ Մասամբ Նորին», «Պատիժներ», «Անընդունելին», «A Room in Paris», եւ հարցազրոյցներ Պօղոս Սնապեանի հետ:
Ասոնց հետ վերհրատարակուեցան նաեւ մեր հեղինակութեամբ այլեւս սպառած երեք ուրիշներ՝ «Ես Այդ Շունն Եմ», «Կորստական Թոյներ» եւ «Յեղափոխութեան Համար»: Պարտ է յիշեցնել, որ այս բոլոր գործերը լոյս տեսած են շնորհիւ գրասէր բարեկամներու մեկենասութեան: Հրատարակչական այս աշխատանքներուն ընթացքին անկարելի պիտի ըլլար չյիշել մեր խմբագրութեամբ լոյս տեսած երեք-չորս ուրիշ հատորներ՝ Եդուարդ Պոյաճեանի «Դուն» եւ «Միտքդ Պահէ» հատորները, Յակոբ Օշականի «Անգղի Կտուցին Տակ»ը, Կարինէ Առաքելեանի «Միսաք Մեծարենցի Քնարերգութեան Լեզուն Ու Ոճը» եւ Եղիսաբէթ Մանկասարեանի «Կեանքը Դռնփակ Աշխարհում»:
Իբրեւ գրական գործունէութիւն, յիշեցնեմ, որ 2007էն ի վեր կը խմբագրեմ «Ազդակ Գրական» պարբերաթերթը, որուն մասին, ցաւօք, այս ափերուն, ոչ ոք տեղեկութիւն ունի: Հրատարակչական ու խմբագրական այս աշխատանքները ընթացքի մէջ են ու կը շարունակուին նոյն կշռոյթով: Չհաշուած «Ազդակ Գրական»ի հերթականութիւնը՝ լինելիութեան մէջ կը գտնուին մէկական հատոր Յակոբ Օշականէն, Կ. Սասունիէն, Մ. Իշխանէն, Պ. Սնապեանէն եւ ժողովածու մը՝ Արեւմտահայ գրականութենէն։