
ՅԱՏՈՒԿ ԱՂՕԹՔ՝ ԼԻԶՊՈՆԻ ՀԻՆԳ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ
Յիսուս Քրիստոսի Այլակերպութեան տօնը, որ ծանօթ է նաեւ Վարդավառ անունով, Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցւոյ հինգ Տաղաւար տօներէն մէկն է։
Կիրակի, 27 Յուլիս 2014ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծխական համայնքը մեծ շուքով եւ եպիսկոպոսական Ս. պատարագով նշեց Վարդավառի տօնը։ Հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան։ Ս. խորանին սպասարկեցին եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան եւ սարկաւագներ։
Նկատի ունենալով, որ այդ օրը կը զուգադիպէր Լիզպոնի հինգ հերոսներու նահատակութեան 31րդ տարելիցին, թեմի եկեղեցիներուն մէջ «Տէր Ողորմեա»ի յատուկ աղօթք կատարուեցաւ։ Առաջնորդը իր քարոզին սկիզբը անդրադարձաւ Լիզպոնի հինգի սխրագործութեան՝ ընդգծելով, որ անոնք զոհուեցան ազատութեան խորանին՝ հայրենիքի եւ ժողովուրդի ազատութեան տենչով։
Առաջնորդը նաեւ յիշեցուց, որ Սիմոնը, Վաչէն, Սագօն, Սեդրակն ու Արան, իրենց իսկ բառերով՝ սոսկական անձնասպանութեան կամ խելագարութեան չդիմեցին, այլ իրենց հերոսական արարքը գիտակցուած զոհաբերութիւն էր հայրենիքին համար, նման այն անհամար հերոս նահատակներուն, որոնք մեր պատմութիւնը կերտած են «Մահ իմացեալ՝ անմահութիւն է» նշանաբանով։ Ան աղօթք բարձրացուց հինգ հերոսներու յիշատակին, ինչպէս նաեւ կոչ ուղղեց աղօթելու աշխարհի խաղաղութեան համար՝ յիշեցնելով, որ Միջին Արեւելքը, յատկապէս Սուրիան եւ Իրաքը, ինչպէս նաեւ աշխարհի այլ շրջաններ, բռնուած են արիւնալի տագնապներու, մինչեւ անգամ ճամբորդական օդանաւեր զոհ կ՛երթան անմարդկային արարքներու։ Առաջնորդը յայտնեց, թէ «Տէր Ողորմեա»ի պահուն, յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի նաեւ այս բոլորի յիշատակին։
Յիշատակի այս խօսքերէն ետք, առաջնորդ Մարտիրոսեան ուղղեց իր պատգամը, որուն բնաբանն էր օրուան տօնին նուիրուած շարականի սոյն տողերը. «Հովանացեալ ամպ լուսեղէն զհայրական տուեալ ձայն եթէ, դա է Որդի իմ սիրելի, ընդ եւ մէք ցնծութեամբ երգեմք, ողորմեա մեզ մարդասէր», որ կը նշանակէ՝ «Երկինքէն լուսեղէն ամպը իբրեւ հովանի տալով՝ հայրական երկնային ձայնը կ՛ըսէ. «Այդ է իմ սիրելի Որդին, անոր մտիկ ըրէք»։ Իսկ մենք ալ ցնծութեամբ կ՛աղաղակենք եւ կ՛ըսենք. «Ո՜վ մարդասէր Տէր, մե՛զ ալ ողորմէ»»։
Սրբազան հայրը ապա անդրադարձաւ Թափօր լերան վրայ տեղի ունեցած Յիսուսի հրաշափառ Այլակերպութեան խորհուրդին։ Ան յիշեց, թէ Այլակերպութեան տօնը իր հոգեւորականի կեանքին մէջ մեծ իմաստ եւ նշանակութիւն ունի, որովհետեւ 38 տարիներ առաջ՝ իբրեւ կուսակրօն քահանայ, եւ 17 տարիներ առաջ՝ իբրեւ եպիսկոպոս, իր անդրանիկ Ս. պատարագները մատուցած էր այս տօնին օրը։
Այս տօնի խորհուրդին անդրադառնալով՝ առաջնորդ Մարտիրոսեան ըսաւ. «Մեր կեանքը հոգեւոր սնունդի եւ հոգեւոր պայծառակերպութեան պէտք ունի»։ Ան յորդորեց ձգտիլ հոգեւոր պարզութեան ու խոնարհութեան, հեռու կանգնիլ կեղծիքէ, որովհետեւ, ինչպէս ականատես կ՛ըլլանք, այսօրուան աշխարհին մէջ հաւատքի եւ կրօնքի անունով ի՜նչ արարքներ կը գործուին։ Առաջնորդը յատկապէս պատգամեց կառչիլ մեր հաւատքին եւ ազգային աւանդութեանց, հետեւիլ Աստուծոյ խօսքերուն եւ գտնել հոգեւոր պայծառութիւն՝ մերժելով բարոյական խախտումի ամէն երեւոյթ։
Ս. պատարագի աւարտին, երգուեցան «Կիլիկիա»ն եւ «Մեր Հայրենիք»ը։