ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի նախագահութեամբ գումարուած Կրօնական ժողովը իր Երեքշաբթի, Օգոստոս 5ի նիստին, յատուկ կերպով անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի սահմաններուն վրայ զոհուած եւ վիրաւորուած քաջարի զինուորներուն, առաւել եւս՝ Միջին Արեւելքի եւ յատկապէս Սուրիոյ, Իրաքի, Լիբանանի ու Կազայի ընդհարումներուն պատճառած ահաւոր աւերներուն, բայց մանաւանդ՝ մարդկային անմեղ հազարաւոր զոհերուն:
Առաջնորդ սրբազան հօր տնօրինումով, Արեւմտեան թեմի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յառաջիկայ Կիրակի, Օգոստոս 10ին, յընթացս Ս. պատարագի, «Տէր Ողորմեա»ի յատուկ աղօթք պիտի բարձրացուի անմեղ զոհերու հոգիներու խաղաղութեան համար։
Սոյն «Տէր Ողորմեա»ի աղօթքը եւ աշխարհի խաղաղութեան խնդրանք-աղերսը ամէն Կիրակի օր թեմի բոլոր եկեղեցիներէն ներս պիտի յիշատակուի։ «Կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը, որ ներկայ ըլլայ Ս. եւ անմահ պատարագին եւ աղօթակից ըլլայ առ բարձրեալն Աստուած ուղղուած աշխարհի ու մեր հայրենիքի խաղաղութեան աղօթքներուն», կը նշուի Կրօնական ժողովի դիւանին յղած հաղորդագրութեան մէջ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.