ՓԱՍԱՏԻՆԱ.- Շաբաթ, Յուլիս 26ին, Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբը շրջանի Հայ կեդրոնին մէջ կազմակերպած էր ծիծաղի երեկոյ մը՝ մասնակցութեամբ յայտնի կատակաբան եւ դերասան Գրիգոր Սաթամեանի։
Ամբողջութեամբ լեցուն սրահի մը մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկի մասնակիցները վայելած են Սաթամեանի իւրայատուկ մենակատարութիւնը, որ լիաթոք խնդուք պատճառած է։
Ծիծաղի երեկոյին բացումը կատարած է Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Շողիկ Եփրեմեանը՝ բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն եւ փոխանցելով մասնաճիւղի պատգամը։ Ապա ան բեմ հրաւիրած է Արա Տապանճեանն ու անոր «Էլեմըն»չ նուագախումբը, որոնք հրամցուցած են գեղեցիկ երգերու փունջ մը։
Շողիկ Եփրեմեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է սոյն ձեռնարկի իրականացման եւ յաջողութեան մէջ կենսական ներդրում ունեցած Փասատինայի Հայ Դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներ Վահէ Մաճարեանն ու Կարին Գէւոնեանը։ Ապա, Վահէ Մաճարեան բեմ հրաւիրած է երկոյի գլխաւոր աստղը՝ կատակաբան Գրիգոր Սաթամեանը, որուն ելոյթը աւարտած է յոտնկայս ծափահարութիւններով։
Ձեռնարկի մասնակիցներուն մէջ եղած են շրջանի ՀՅԴ կոմիտէութեան, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ, ՀՕՄի, ՀՄԸՄի եւ Համազգայինի ներկայացուցիչներ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.