ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Տիգրանակերտ քաղաքէն Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան «Արի տուն» ծրագիրով Հայաստանի մէջ հիւրընկալուող 50 ծպտեալ հայերը պիտի վերադառնան տոգորուած միասնականութեան գաղափարով:
15 Օգոստոսին լրագրողներու հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այդ մասին յայտնած է Տիգրանակերտի հայ համայնքի ներկայացուցիչ Օհաննէս Օհանեան (Կաֆուր Թուրքա), որ երրորդ անգամ ըլլալով կ՛այցելէ Հայաստան: Անոր համաձայն՝ նախաձեռնութիւնը մասնաւորապէս կարեւոր էր Թուրքիոյ մէջ բնակող հայերու մէկ հատուածին եւ հայութեան միւս մասին հետ Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն խզուած կապը վերականգնելու եւ վերամիաւորուելու տեսնակիւնէն: «Հայաստան գտնուած տասնհինգ օրերուն ընթացքին տեսանք, որ նոյն նպատակները ունինք՝ համախմբուելու եւ միասնականութիւնը պահպանելու համար, եւ այս գիտակցութեամբ կը վերադառնանք Տիգրանակերտ», ըսած է ան։
Այցելութիւնը կարելիութիւն կու տայ նաեւ վերականգնելու կորսուած կապերը իրենց ազգականներուն հետ: «Ցեղասպանութեան տարիներուն մեր ամբողջ ընտանիքը կոտորուած է, եւ միայն երեք երեխայ կրցած են փրկուիլ: Անոնցմէ մէկուն մայրը կրցած է իրեն հետ Սուրիա տանիլ զայն, ուրկէ ի վերջոյ եկած եւ Հայաստան հաստատուած են: Իսկ միւս երկու եղբայրները կրցած են գոյատեւել Արեւմտեան Հայաստանի մէջ բռնի իսլամանափոխ ըլլալով: Առաջին անգամ Հայաստան գալով՝ շատ տպաւորուած եւ կրկնակի զգացուած էի, քանի որ կրցայ գտնել եւ ծանօթանալ Հայաստանի մէջ բնակող հօրեղբօրս ընտանիքին հետ», նշած է Օհանեան:
Սփիւռքի փոխնախարար Սերժ Սրապիոնեան նշած է, որ «Արի տուն» ծրագիրի տարիներ շարունակ կազմակերպումը ցոյց տուաւ, որ անիկա արդիւնաւէտօրէն կը խթանէ շփումը սփիւռքի եւ Հայաստանի 13-17 տարեկան պատանիներուն եւ աղջիկներուն միջեւ: «Այս անգամ առաջին անգամ «Արի տուն» ծրագրով հրաւիրել ենք թուրքահայերի՝ անկախ կրօնական պատկանելութիւնից, ում համար որոշուեց վերացնել տարիքային սահմանափակումը: Ծրագրով ժամանած դիարբեքիրցի հայերի մէջ անգամ մինչեւ 78 տարեկան մարդիկ կան», նշած է Սրապիոնեան:
Նշենք, որ 5 Օգոստոսին Էջմիածինի Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ կայացաւ «Արի տուն» ծրագիրով Հայաստան գտնուող ծպտեալ հայերէն երկուքին մկրտութիւնը: Ռահիմ Քարաքաշն ու Ստեփան Չելիքը մկրտուելէ ետք ստացան Անժել ու Ստեփան անունները
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.