
Չորեքշաբթի, 6 Օգոստոսին, Ֆրանսիս պապը Վատիկանի մէջ ընդունեց Հալէպի Հայ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Մրիաթեանը: Հակիրճ հանդիպումին ընթացքին առաջնորդը պապին փոխանցեց «Սուրիացի քրիստոնեաներուն ցաւերն ու յոյսերը»: Այնուհետեւ, Ֆրասիս պապը գերապայծառ Մրիաթեանին յայտնեց, թէ ինք մօտէն կը հետեւի հարցին եւ տեղեակ է իրավիճակէն, ինչպէս նաեւ, թէ այս առնչութեամբ մօտ օրէն հանդիպում պիտի ունենայ Միջին Արեւելքի առաքելական նուիրակներուն հետ՝ անոնց հետ քննարկելու ճգնաժամային եղելութիւնները:
Սոյն հանդիպումի լոյսին տակ, գերապայծառ Մրիաթեան հարցազրոյց մը ունեցաւ «Լա Ըսթամփա» լրատուական աղբիւրին հետ, ուր տեղեկութիւններ փոխանցեց Միջին Արեւելքի քրիստունէութեան եւ Սուրիոյ մասին եւ յատկապէս Հալէպի ու հայութեան իրավիճակի մասին: