Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթը կը գրէ. «Երէկ (Երեքշաբթի, 19 Օգոստոս-Խմբ.) խմբագրատանս մէջ ընդունեցինք այցելութիւնը Վագըֆգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Ճեմ Չափարի, մեր ազգայիններէն՝ Միհրան Ուլիկեանի եւ Նազարէթ Պինաթլըի, որոնք եկած էին մեզ հրաւիրելու Վագըֆգիւղի ի նպաստ բարենպատակ զոյգ ձեռնարկներու։ Անոնցմէ առաջինն է Մուսա լերան աւանդական «Հարիսայի Զատիկ» հաւաքոյթը, որ պիտի տօնուի Շաբաթ, 30 Օգոստոսի իրիկուն, Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ դարաւանդին վրայ, իսկ երկրորդը՝ նոյն եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի, 31 Օգոստոսի առաւօտուն, Ս. պատարագ պիտի մատուցուի Վագըֆգիւղի հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Թապաշեանի ձեռամբ։ Ս. պատարագի աւարտին պիտի սարքուի սիրոյ սեղան Կազդուրման կայանի պարտէզին մէջ։ Այս զոյգ ձեռնարկներուն նպատակը պիտի ըլլար ապահովել նիւթական կարեւոր հասոյթ, որով պիտի իրականանայ հեռակայ, բայց մեր սիրտին շատ մօտիկ եւ հարազատ այս գիւղին մէջ շինարարական աշխատանք մը, որուն կարիքը կը զգացուի հինէն ի վեր»։
«Մարմարա» կը տեղեկացնէ, որ երիտասարդ ատենապետ Ճեմ Չափար, որ մնայուն կերպով կը բնակի Վագըֆլը գիւղին մէջ, խօսեցաւ իրենց համար շատ կարեւոր ծրագիրի մը մասին։ Ան յայտնեց, թէ Վաքըֆգիւղի հայերը, որոնք Անատոլուի հողերուն վրայ միակ հայկական գիւղը կը ներկայացնեն, կարիքն ունին ընդարձակ տարածութեամբ սրահի մը, որպէսզի պարբերաբար հաւաքուին հոն եւ մշակութային ձեռնարկներ իրականացնեն. եկեղեցին այդ ծրագիրին համար անհրաժեշտ հողամասը ունի արդէն։ Կը մնայ այդ հողամասին վրայ անհրաժեշտ շէնքը բարձրացնելու համար նիւթական նպաստ ապահովել։ Շէնքին մէջ պիտի տեղադրուին նաեւ նոր վարձու սենեակներ՝ գիւղ այցելող բազմաթիւ զբօսաշրջիկներու եւ ուխտաւորներու համար։
«Այս ծրագիրին իրականացման համար իրենց զօրավիգ կանգնած են պատրիարքական ընդհ. փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, Թաթուլ հայր սուրբը, Գնալըի Կազդուրման կայանի վարչութիւնը, Գնալըի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդը։ Ձեռնարկին համար կազմուած Կարգադիր յանձնախումբի ատենապետ նշանակուած է Միհրան Ուլիկեան, իրեն զօրակից ունենալով Նազարէթ Պինաթլըն եւ Արէտ Ագփոլատը։ Իսկ գիւղին գիւղապետն է Պերճ Գարթուն», կը պատմէ «Մարմարա»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.