
«Սիկեսթ» հրատարակչատունը լոյս ընծայած է «Նեմեսիս» գործողութեան մէկ մասնիկը հանդիսացող՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Թալէաթ փաշայի ահաբեկման նուիրուած գծագիր վէպի անգլերէն թարգմանութիւնը։ Փաօլօ Քոսիի, Ժան Պլաս Ճիանի ու Ժան Վարուժանի ֆրանսերէնով հեղինակած սոյն հատորը անգլերէնի թարգմանուած է Լու Էն Մաթոսեանի կողմէ։
68 էջնոց «Special MissionNemesis» հատորին գինը 19.95 տոլար է։
Օրինակ մը ապսպրելու համար, այցելել http://editions.sigest.net/page00010163.html կայքէջը։