ԿԱՐԻՆ ՔԵՍԱՊԼԵԱՆ
Երկուշաբթի, 5 Օգոստոս 2014ի երեկոյեան ժամը 7։30ին, «Ալեքս» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Ար-Ռա»ի դաշնակի համերգը հովանաւորութեամբ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման Լոս Անճելըսի միացեալ մարմինին, համագործակցութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի երաժշտական միջազգային փառատօնին եւ կազմակերպութեամբ Փիթըր Հայկի, Մարալ Անճարկոլեանի եւ Լորնա Զիլպայի: Երեկոն խանդավառող դաշնակահարներն էին Արմինէ Գրիգորեան եւ խմբավար Ռաֆֆի Խարաճանեան: Համերգը կը կրէր «Ձօն Համայնքին» խորագիրը:
Նախքան համերգը, հարցազրոյց մը ունեցանք խմբավար Ռաֆֆի Խարաճանեանի հետ, որ պատասխանեց իրեն ուղղուած հետեւեալ հարցումներուն.
ԿԱՐԻՆ ՔԵՍԱՊԼԵԱՆ.- Ինչպիսի՞ ապրումներ կ՛ունենա՛ք, երբ ձեր սրտին մօտիկ երաժշտական կտոր մը կը կատարէք:
ՌԱՖՖԻ ԽԱՐԱՃԱՆԵԱՆ.- Դաշնամուրը ինծի համար երկխօսութեան առիթ է: Մաքրամաքուր առաքելութիւն կը թրծէ անիկա մարդոց էութեան մէջ: Անիկա իմ ուրախութիւնը, կեանքն ու երազն է:
ԿԱՐԻՆ ՔԵՍԱՊԼԵԱՆ.- Դաշնամուր լարելը մասնագիտութիւ՞ն է, թէ արուեստ:
ՌԱՖՖԻ ԽԱՐԱՃԱՆԵԱՆ.- Դաշնամուրի լարումը արուեստ է, իսկ պատրաստման ձեւը՝ արհեստ:
ԿԱՐԻՆ ՔԵՍԱՊԼԵԱՆ.- Ի՞նչ բան կը նախընտրէք նուագել՝ խրոխտ քայլե՞րգ, մեղմ վա՞լս, թէ ձեր նախասիրած բալադը:
ՌԱՖՖԻ ԽԱՐԱՃԱՆԵԱՆ.- Շատ դժուար է պատասխանելը: Հիմա երաժշտութիւնը բազմազան է, բաւական լայն ընտրութիւն կրնաս ունենալ, բայց մենք մեծ հաճոյքով կը նուագենք տարբեր վալսեր եւ նոյնիսկ՝ ժողովրդական թանկօ:
ԿԱՐԻՆ ՔԵՍԱՊԼԵԱՆ.- Այսօրուան այս համերգին, հայ ունկնդիրին ի՞նչ ստեղծագործութիւններ պիտի հրամցնէք:
ՌԱՖՖԻ ԽԱՐԱՃԱՆԵԱՆ.- Այսօրուան համերգին, մեծ մասամբ պիտի ներկայացնենք Արամ Խաչատրեանի ստեղծագործութիւններէն. կ՛ունկնդրէք նաեւ Լաթվիայի երաժիշտներու կարգ մը ստեղծագործութիւններ, իսկ վերջաւորութեան՝ դուք հնարաւորութիւն կ՛ունենաք ունկնդրելու Առնօ Պապաճանեանի եւ Ալեքսանտր Յարութիւնեանի «Հայկական Ռափսոթի»ն:
Ձեռնարկի հանդիսավարն էր Հայ կաթողիկէ առաջնորդարանի ներկայացուցիչ եւ Հայկական միացեալ մարմինի խորհուրդի անդամ Փիթըր Հայկ: Հանդիսութեան բացման իր խօսքին մէջ, ան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն, ապա ջերմ ու հակիրճ կերպով անդրադարձաւ զոյգ դաշնակահարներու կենսագրութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն կազմակերպութիւններուն եւ անհատ նուիրատուներուն, որոնք նիւթապէս սատարեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան: Իր խօսքին մէջ, Փիթըր Հայկ նշեց նաեւ Միացեալ հայ մարմինի առաքելութիւնն ու 100ամեակի առնչութեամբ տարուած աշխատանքները:
Քանի մը բառերով ան նաեւ նշեց, թէ ինչպիսի՛ պայմաններու տակ ներկայ համերգը ծնունդ առաւ: Մասնաւորապէս, ինչպէ՞ս կարճ ժամանակամիջոցի մէջ այսպիսի ճոխ համերգ մը կարելի եղաւ կազմակերպել՝ ականաւոր դաշնակահարներու մասնակցութեամբ։
Երեկոյին ընթացքին, աշխարհահռչակ երաժիշտներու շարքին հնչեցին նաեւ Արամ Խաչատրեանի, Առնօ Պապաճանեանի եւ Ալեքսանտր Յարութիւնեանի հանրածանօթ կտորները: Հմուտ դաշնակահարներու վարպետ կատարումը արժանացաւ հանդիսականներու ջերմ ու բուռն ծափահարութիւններուն:
Արդարեւ, սոյն երեկոյին ելոյթ ունեցող արուեստագէտներէն՝ Արամ Խաչատրեանի թանգարանի տնօրէնուհի Արմինէ Գրիգորեան, աւարտած է Երեւանի Չայքովսքիի անուան երաժշտական դպրոցը եւ Երեւանի Պետական երաժշտանոցը: Ան համերգներով հանդէս եկած է աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ եւ արժանացած Լեհաստանի մշակոյթի նախարարութեան շքանշանին: Այժմ, որպէս փրոֆեսէօր՝ կը դասաւանդէ Երեւանի Պետական երաժշտանոցէն ներս:
Մայէսթրօ Ռաֆֆի Խարաճանեան զաւակն է հեղինակաւոր խմբավար Իսպիր Խարաճանեանի: Ան աւարտած է Երեւանի Չայքովսքիի անուան երաժշտական դպրոցը եւ Լենինկրատի «Ռիմսքի-Քորսաքով» երաժշտանոցը: Ան երաժշտական արուեստի մասնագէտ է եւ այժմ որպէս փրոֆեսէօր՝ կը դասաւանդէ Լաթվիոյ երաժշտական կաճառէն ներս: Հիմնադիր եւ ատենապետն է Հայ-լաթվիական մշակութային կեդրոնին: Արժանացած է ԵՈԻՆԵՍՔՕի «Խաղաղութեան արուեստագէտ», «Սորոս»ի հիմնադրամի «Ընկերային ներդաշնակութիւն» եւ Լաթվիոյ «Պատուաւոր արուեստագէտ» պարգեւներուն:
Զոյգ արուեստագէտներու դաշնակի այս հոյակապ համերգը եզակի երեւոյթ էր: Հանդիսատեսին խանդավառութիւնը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ հանդիսութեան աւարտին, դաշնակահարներու ընկերակցութեամբ եւ հանդիսավար Փիթըր Հայկի առաջնորդութեամբ, ներկաները միասնաբար երգեցին «Երեւան Էրեբունի» խմբերգը: