ԱՊՈՒ ՏԱՊԻ, «Ռոյթըրզ».- Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ լոյս տեսնող «Խալիժ» թերթը կը գրէ, որ գաղտնի սպասարկութիւններու բոլոր զեկուցումները, մամլոյ տեղեկութիւններն ու գետնի վրայ գոյութիւն ունեցող տուեալները կը հաստատեն, թէ իսլամ ծայրայեղականներ թրքական հողամասերը կ՛օգտագործեն իբրեւ աշխարհի չորս կողմերէն եկող վարձկաններու հաւաքավայր, կազմակերպման վայր եւ ապաստանարան՝ առ ի պատրաստութիւն Սուրիա եւ Իրաք մուտք գործելու. այս բոլորը կը կատարուի թրքական գաղտնի սպասարկութեան հսկողութեան տակ:
Օրաթերթը կը գրէ, որ թրքական իշխանութիւնները ոչ միայն սահմանակից երկիրներուն մէջ ուղղակի միջամտութիւն կը կատարեն, այլ նաեւ հեռաւոր արաբական երկիրները տկարացնելու խափանարարական արարքներու մէջ բացայայտ դերակատարութիւն կ՛ունենան՝ օգտագործելով իսլամական խմբաւորումներ:
Օրաթերթը կը նշէ, որ այս երեւոյթը արաբական պետութիւններէն աւելի կտրուկ կեցուածք մը կը պահանջէ, որովհետեւ այդ երկիրները իսկական վտանգի տակ են:
Օրաթերթը նաեւ կ՛ընդգծէ, որ իսլամ ծայրայեղական կազմակերպութեանց դէմ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2170 բանաձեւը պէտք է նկատի ունենայ Թուրքիոյ նենգ դերակատարութիւնը, եթէ առնչակից երկիրները ահաբեկչութեան եւ անոր հետեւորդներուն դէմ պայքարին նկատմամբ լուրջ են:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.