Չորեքշաբթի, 20 Օգոստոսի առաւօտուն, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան այցելեց Դարաշամբի Ս. Ստեփանոս Նախավկայ վանքը, ուր 11 Սեպտեմբերին պիտի մատուցուի հանդիսաւոր Ս. եւ անմահ պատարագ, վանքի տարեկան ուխտագնացութեան առիթով:
Սրբազանը այս առիթով այցելեց նաեւ Հին Ջուղայի պատմական կամուրջին աւերակները Իրանեան ափին, ուրկէ կը սկսին Ս. Նախավկայ վանքի սեփականութիւնը եղող հողատարածքները, համաձայն արխիւային արձանագրութիւններուն:
Սրբազան հայրը վանքի հայ եւ տեղացի պաշտօնեաներուն հետ միասնաբար դասաւորումներ կատարեց կարգապահական խնդիրներու շուրջ, ինչպէս նաեւ տաճարի խորանին ու յարակից մասերու յարդարանքին համար:
Յայտնենք, թէ Ազգային վարչութեան հետ համագործակցաբար, Արաքսի Ազատ գօտիի պատասխանատուները մեծ կարեւորութիւն կու տան Ս. Ստեփանոսին առնչուող տարեկան ուխտագնացութեան, առաւել եւս արժեւորելու համար դարաւոր վանքի կրօնական ու մշակութային արժէքը, յատկապէս օտար այցելուներու համար, երկրի հնագիտական վայրերու ցուցակին մէջ շեշտելով զայն:
Նշենք, թէ նախորդ տարի առաջին անգամ ըլլալով վերահաստատուեցաւ ուխտագնացութեան աւանդութիւնը Ս. Ստեփանոսի վանքին համար, որ Արաքսի ափէն քիչ մը վեր, Աշոտ Բագրատունի հայոց արքայի մասնաւոր ուշադրութեան առարկան հանդիսացած է, դարեր առաջ: Անոր հրամանով պարսպապատուած է Ս. Ստեփանոսի վանքը, ամրակուռ բերդի անմերձենալի պարիսպներու նման կառուցուած աշտարակներով, արշաւող ցեղերու բարբարոսութիւններէն փրկելու համար այնտեղ պահպանուող սրբութիւնները՝ սրբոց մասունքներն ու թանկարժէք ձեռագիրները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.