
Բերիոյ Հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդի «Մեսրոպ Մաշտոց» մանկապատանեկան երգչախումբը վերսկսաւ իր գործունէութեան՝ խմբավարութեամբ Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի:
Չորեքշաբթի, 20 Օգոստոսին, «Մեսրոպ Մաշտոց» մանկապատանեկան երգչախումբը նոր ոգի ու շունչ պարգեւեց հալէպահայ պատանի-պարմանուհիներուն, վերսկսելով իր տարեկան համերգի յատուկ փորձերը, երկու տարուան ընդմիջումէ ետք Հալէպի Ազգգային Կիւլպէնկեան վարժարանէն ներս:
Բերիոյ Հայոց թեմի «Մեսրոպ Մաշտոց» երգչախումբը հիմնուած է 1973ին, Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեանի հովանաւորութեամբ, Ուսումնական խորհուրդի կազմակերպութեամբ եւ գեղարուեստական ղեկավարութեամբ խմ-բավար, ներկայիս լուսահոգի, Պօղոս Ապաճեանի՝ 15 տարիներու տեւողութեամբ: Մէկ տարի խումբը ղեկավարած է Կոմիտաս սրբազանը եւ տարի մըն ալ՝ Գէորգ Պէպէճեանը:
1991-2012 խումբը ղեկավարած է Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեան, որ յատուկ երանգ ու շունչ տուած է երգչախումբին:
Բերիոյ Հայոց թեմի Ուսումնական խորհուրդը, շրջանցելով բոլոր դժուարութիւնները, որոշեց վերսկսիլ «Մեսրոպ Մաշտոց»ի աշխատանքին:
Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեան հայրենի այն խմբավարուհին եղաւ, որ հակառակ Սուրիոյ տագնապին ու անապահով վիճակին վերադարձաւ Հալէպ ու վերստանձնեց երգչախումբի գեղարուեստական ղեկավարութիւնը: