ՍԱԼԲԻ ԹԷՔԿԷԼԵԱՆ
«Այս ուսումնական տարին իւրայատուկ է։ Բացի անկէ, որ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին կը զուգադիպի, անիկա Ազգային Ֆերահեան վարժարանի 51րդ տարեդարձն է: Արդարեւ, այս տարի վարժարանը արդէն իսկ ամբողջացուցած է իր 50րդ տարին»: Այս բառերով է որ Օգոստոս 18, 2014ին, վարժարանի տնօրէն Ժան Գոսագեան պաշտօնապէս բացումը կատարեց դպրոցի 51րդ տարեշրջանին: Տնօրէնը շարունակելով իր խօսքը՝ ներկայացուց դպրոցի կտակարար Մատթէոս Ֆերահեանի կենսագրութիւնը, անոր թողած հայկական վարժարան բանալու պատգամն ու կտակը: Ապա ըսաւ, որ ինք այսօր պիտի չկարենար բեմին վրայ այս բացառիկ տարեշրջանին բացումը կատարել, եթէ իր կողքին չգտնուէր Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը, եւ առ այդ՝ բեմ հրաւիրեց վարժարանի հիմնադիր տնօրէն Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը, որպէսզի փոխանցէ իր պատգամը:
Հանրածանօթ կրթական գործիչը իր խօսքին մէջ նշեց. «Տարիներ շարունակ աշխատանք տարած եմ Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական վարժարանի մը հիմնումին ուղղութեամբ, որովհետեւ կը փափաքէի, որ ամերիկաբնակ հայերը իրենց զաւակները հայկական վարժարան ուղարկէին, որպէսզի հայ շունչով եւ հայ ոգիով դաստիարակուէին անոնք» ապա, ան պարտք զգաց յայտարարելու, որ Ամերիկայի մէջ առաջին հայկական վարժարանի հիմնումի յաջողութեան ամէնէն մեծ պատճառը լիբանանահայութիւնը եղած էր, եւ տուաւ հետեւեալ բացատրութիւնը. «Լիբանանի մէջ տեսակցութիւններ ունեցայ շատ անձնաւորութիւններու հետ, որոնք մեծապէս խանդավառուեցան Ամերիկայի մէջ հայկական վարժարանի մը հիմնադրութեան գաղափարով եւ խոստացան որոշ գումարով մը օժանդակել: Սակայն խոստումնագիրը, որ ստորագրուեցաւ հարիւրաւոր հայորդիներու կողմէ, ունէր պայման մը, որ եթէ մէկ տարուան ընթացքին դպրոցը չբացուի, ապա չեղեալ պիտի նկատուի խոստումը: Ուրեմն, երբ Ամերիկա վերադարձայ եւ խոստումնագիրը, որ 10,000 տոլար յատկացնելու խոստում էր, ներկայացուցի մեծերուն, ըսին, թէ «Պէյրութէն դրամ չի գար. մենք է որ միշտ կը ղրկենք», եւ առաջարկեցին հանգանակութիւն ընել եւ քանի մը տարուան մէջ դրամ հաւաքելով՝ բանալ դպրոցը. սակայն ես առարկեցի, որ խոստումնագիրը միայն մէկ տարուան լիազօրութիւն ունէր, այլապէս՝ չեղեալ պիտի նկատուէր: Ուրեմն, ամէն ջանք ի գործ դնելով՝ մէկ տարուան մէջ, 1964ին, բացինք դպրոցը»:
Տնօրէն Գոսագեան իր խօսքը յատկապէս ուղղելով աշակերտներուն՝ ըսաւ. «Դուք եկած եւ միացած էք զօրաւոր եւ լաւ անցեալ ունեցող դպրոցի մը, 2000 շրջանաւարտ ունեցող դպրոցի մը: Մեր շրջանաւարտներուն մէջ ունինք մարդիկ, որոնք Ամերիկայի մակարդակով մեծ պատիւ կը բերեն մեզի ու համայն հայութեան: Դուք կրնաք իրենց նման մեծ մարդիկ ըլլալ, եթէ իրենց նման սորվիք… Պիտի՛ սորվիք… Կ՛ուզեմ ձեզի այս պատգամը տալ՝ սորվիլ, կարդալ, կարդալ, դարձեալ կարդալ եւ սորվիլ, որովհետեւ առանց սորվելու՝ ինքնաբերաբար յաջողութիւններ չեն արձանագրուիր: Դուք ձեր միջոցով ձեր յաջողութիւնները պէտք է ապահովէք: Ուսուցիչներուն, դպրոցի խորհրդատուներուն եւ տնօրէնութեան հետ գործակցաբար, դուք էք ձեր յաջողութեան հիմնական գրաւականն ու պատասխանատուն: Եթէ ձախողեցաք, ուրիշին պատճառ մի՛ բռնէք: Լաւ համալսարաններ մտնելու համար մրցակցութիւնը շա՛տ մեծ է: Ես ձեզի կը վստահեցնեմ, որ ձեր յաջողութեան համար, թէ՛ տնօրէնութեան եւ թէ ուսուցչական կազմին դռները միշտ բաց պիտի մնան ձեր եւ ձեր ծնողներուն առաջ: Զարկէ՛ք դուռը եւ մեծ ժպիտով մը ներս մտէք»: Ապա ան մաղթեց, որ դպրոցէն ներս, բոլոր աշակերտները ըլլան ուրախ, զուարթ, հանգիստ եւ առանց մտահոգութիւններու՝ միակ մտահոգութիւն ունենալով դասերու լաւ սորվիլը:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց «Ֆերահեան»ի երկրորդական բաժինի կրթական խորհրդատու Լիզ Յովհաննիսեան, որ բեմ հրաւիրեց Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանը, որպէսզի կատարէ բացման աղօթքը եւ փոխանցէ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի պատգամը: Պատգամին ընդմէջէն, սրբազան հայրը կը պատգամէր. «Սիրելի՛ աշակերտներ, վստահ եմ, որ կարօտով վերադարձած էք դպրոց, դարձեալ ձեր ընկերներուն եւ ուսուցիչներուն հետ էք եւ պատրաստ՝ ձեր միտքերն ու հոգիները աւելի եւս հարստացնելու գիտակցութեամբ, մարդկային ազնիւ զգացումներով եւ մանաւանդ՝ հայութեան արժէքներով, որպէսզի ամէն օր քիչ մը աւելի լաւ մարդ, քիչ մը աւելի լաւ հայ դառնաք: Սիրեցէք ձեր դպրոցն ու դաստիարակները, օգտուեցէք անոնց գիտելիքներէն եւ գուրգուրանքէն, իսկ դո՛ւք, սիրելի դաստիարակներ եւ ծնողներ, հաւատարիմ մնացէք ձեր առաքելութեան: Բարի երթ ուսումնական նոր տարուան, թող Աստուած օրհնէ հայ դպրոցի մեծ ընտանիքը եւ բոլորիս ընծայէ մեր առաքինութիւնը անխափան շարունակելու առիթներ: Յաջողութի՛ւն ձեզի, Աստուած պահէ եւ պահպանէ բոլորդ»:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ վարժարանի Ուսումնական մարմինի անդամներ, Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչը, եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ Լեւոն Արապեան, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան, ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէութենէն Հրայր Նահապետեան եւ Ռաֆֆի Կիւրիւնեան, ՀՅԴ «Արշաւիր Շիրակեան» կոմիտէութենէն Ճորճ Թիթիզեան եւ Վաչէ Տօնոյեան, ինչպէս նաեւ՝ շրջանի ՀՕՄի եւ ՀՄԸՄի ներկայացուցիչներ, վարժարանի տնօրէնութիւն, ուսուցչական կազմ, ծնողք եւ հարազատներ:
Յայտագիրի աւարտին, միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները իրենց դաստիարակներուն ընկերակցութեամբ ուղղուեցան դէպի իրենց դասարանները: Իսկ, տնօրէնի առաջնորդութեամբ, Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեան, ուսումնական մարմինի անդամներն ու հիւրերը Էնսինոյի համալիրէն ուղղուեցան Նորթ Հիլզի համալիր, ուր վարժարանի Մարի Գապայեան նախակրթարանի աշակերտները, իրենց ուսուցիչներուն եւ մեծ թիւով ծնողներու հետ միասին կը սպասէին նոր տարեշրջանի բացման արարողութեան: Նախակրթարանի հանդիսութեան բացումը կատարեց օգնական տնօրէն Դրօ Չէքիճեան: Դարձեալ խօսք առին Ռազմիկ քհնյ. Խաչատուրեանը, տնօրէն Ժան Գոսագեանը եւ հիմնադիր տնօրէն Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը, որոնք իրենց պատգամները փոխանցեցին բոլոր ներկաներուն:
Այսպէս, Սրբոց Նահատակաց Գապայեան Ազգային նախակրթարանի եւ Ֆերահեան Ազգային երկրորդական վարժարանի զոյգ համալիրներէն ներս, դպրոցի 51րդ տարեշրջանը սկսաւ բացառիկ մեծ խանդավառութեամբ: Տնօրէնի հաստատումով, Գապայեան Ազգ. նախակրթարանէն եւ Ազգ. Ֆերահեան երկրորդական վարժարանէն ներս իրենց դասարանները ուղղուեցան 510 աշակերտներ՝ անցեալ տարեշրջանի 509 աշակերտներու փոխարէն: