
ՍԱՐԳԻՍ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Ֆրեզնոյի Մուսա լերան հայրենակցական միութիւնը այս տարի մեծ շուքով պիտի տօնէ Հերոսամարտին 99րդ տարեդարձը:
Սիրելի՛ թոռնիկ, 1915 Յուլիս 26ին, Երկուշաբթի օր, Քեսապն ու իր արուարձանները տարագրութեան պաշտօնական հրահանգը կը ստանան եւ երբ՝
Գաղթականութեան լուրն եկաւ,
Սուետիոյ ժողովուրդին,
Չհնազանդեցան տաճկին,
Մուսա լեռը բարձրացան:
Մենք ալ, սիրելիս, մեր ժողովուրդին հետ Մուսա լեռ բարձրացանք, 40 եւ աւելի օրեր բաժնեկից դարձանք անոր բոլոր չարչարանքներուն, Փօր Սայիտի վրանաքաղաքին մէջ եւ աւազներուն վրայ տապլտկեցանք, բոպիկ եւ ցնցոտիները մեր ուսին վերադարձանք հայրենական տուն՝ քանդուած մեր օճախներն ու խոպանացած դաշտերը վերաշինելու, սակայն կրկին հնչեց գաղթականութեան զանգը՝ աւելի տխուր եւ յուսահատական:
Բեռնատար ինքնաշարժներով անցանք Անտիոքի կեդրոնական պողոտաներէն եւ դիմեցինք դէպի սուրիական սահման՝ Պասիթ, ապա՝ ասպնջական Լիբանանի Այնճար փշալից դաշտավայրը, երկար եւ տաժանակիր տարիներու պատմութիւն, դաժան յիշատակներով, դժուարին եւ արցունքաբեր օրերով:
Ահա՛ սիրելի թոռնիկ, մուսատաղցի մեր պապերուն 1915-1939՝ 24 տարիներու պատմութիւնը:
Այսօր, սիրելի թոռնիկ, պիտի փորձենք ներկայացնել այս քաջարի ժողովուրդի օրրանը հանդիսացող Մուսա լերան լանջերուն տարածուած վեց գիւղերուն եւ անոնց բնակիչներուն ծագումնաբանութիւնը. ե՞րբ եւ ուրկէ՞ եկած ու հաստատուած են Մուսա լերան գեղատեսիլ լանջերուն:
Գաղթել եւ գաղթականութիւն բառերը, սիրելի՛ս, հայ ժողովուրդի ճանապարհակիցը եղած են պատմութեան մեծ քառուղիին վրայ: Հայ ժողովուրդը հին ժամանակներէն սկսեալ հայրենիքէն հեռացած եւ հաստատուած է օտար երկնակամարներու տակ: Եթէ թղթատելու ըլլանք, սիրելի թոռնիկ, հայոց պատմութեան էջերը, ապա անկասկած պիտի հանդիպինք գաղթերու եւ բռնագաղթերու, առաջին դարերէն սկսեալ մինչեւ մեր օրերը՝ կազմելով նորանոր հայկական գաղութներ. հոս պիտի բաւարարուինք թռուցիկ ակնարկով մը ներկայացնելու քանի մը գաղթեր եւ բռնագաղթեր, որոնք անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցած են հայ ժողովուրդին համար:
224 թուականին, Պարսկաստանի մէջ կը կործանի Պարթեւ Արշակունիներու թագաւորութիւնը՝ Արտաշիր Սասանեանի ղեկավարութեամբ, եւ կը ստեղծուի Սասանեանը, որ ամէն գնով կ՛ուզէ նուաճել նաեւ Հայաստանի Հայ Արշակունիներու հարստութիւնը:
387ին կը պատահի Հայաստանի առաջին բաժանումը՝ հռոմէացիներու եւ պարսիկներու միջեւ: Այս բաժանումով, սիրելիս, ամենազօրաւոր հարուածը կը տրուի քրիստոնեայ հայ ժողովուրդի ճակատին, ու կը սկսի ընդյատակեայ պայքար մը, որ Վարդանանց պատերազմով կը վերջանայ՝ 451 թուականին:
Գաղթականութեան երեւոյթը կը շեշտուի Բագրատունիներու մայրաքաղաք Անիի մէջ՝ 1064ին, եւ Ռուբինեաններու մայրաքաղաք Սիսի մէջ՝ 1375ին, գրաւուելով սելճուքներու, մեմլուքներու եւ թիւրքմէններու կողմէ. Գահիրէ գերի կը տարուի Լեւոն Ե. թագաւորը, Մարիամ թագուհին, Պօղոս կաթողիկոսն ու իշխաններ, իսկ ժողովուրդը կը դիմէ բիւզանդական հողատարածքներ եւ եւրոպական երկիրներ, կը դատարկուին ժամանակի Բագրատունիներու եւ Կիլիկիոյ շէնշող քաղաքները, եւ կը ստեղծուին հայկական նոր գաղութներ զանազան երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ:
1453ին, երբ Մուհամմետ Բ. Ֆաթիհ սուլթանը Պոլիսը կը գրաւէ եւ վերջ կը դնէ Բիւզանդական կայսրութեան, բազմաթիւ հայեր կու գան եւ կը հաստատուին Պոլիս, Բրուսա եւ այլ քաղաքներ:
Իսկ 1604ին, Շահ Աբբաս Արարատեան դաշտի հայութիւնը Պարսկաստան կը փոխադրէ՝ հիմնելով Նոր æուղայի գաղութը:
Սիրելի՛ թոռնիկ, հայ ժողովուրդի մեծագոյն բռնագաղթը տեղի կ՛ունենայ 1915 թուականին։ Դուն լա՛ւ գիտես Ցեղասպանութեան պատմութիւնը, հոս պիտի ներկայացնենք Օսմանեան իշխանութեան տակ ապրող հայերու թուային պատկերը միայն։ Մարդահամարը կատարուած է 1912ին, Հայոց պատրիարքարանին կողմէ:
Թուրքիոյ տարածքին կ՛ապրէին 2,100,000 հայեր,
Եղեռնին ժամանակ կը զոհուի 1,200,000 անձ,
800 հազար մարդ Կովկաս եւ այլ վայրեր կ՛ապաստանի,
75 հազար անձ զանազան քաղաքներու մէջ կը ցրուի,
25 հազար փոքրիկներ հաւատափոխ կ՛ըլլան:
1921ին, ֆրանսացիները ճարպիկ խաղով մը Կիլիկիան թուրքերուն յանձնելէ մէկ օր առաջ, Սահակ Բ. կաթողիկոս կը ձգէ Սիսի կաթողիկոսական դարաւոր աթոռը եւ կը հեռանայ։ Ան կ՛անցնի Հալէպ ու 9 տարիներ թափառելէ ետք՝ Լիբանանի Անթիլիաս աւանին մէջ կը հաստատուի:
23 Յուլիս 1939ին, Ալեքսանտրէթ Սանճաքի 35 հազար հայութիւնը կը գաղթէ եւ կ՛ապաստանի Սուրիա ու Լիբանան:
Յաջորդ Շաբաթ օր պիտի ներկայացնենք Մուսա լերան մեր պապերուն ծագումնաբանութիւնն ու թուային պատկերը: