
Տօնական ու աւանդական օրերը ժողովուրդներու մշակոյթը, անցեալը, պատմութիւնը ու կենցաղը կ՛արտացոլացնեն, իսկ զանոնք վերյիշելը կամ տօնելը այդ հաւաքականութեան կամ ժողովուրդին էութեան, գոյատեւման ու կենսունակութեան փաստերն են։
Այս տեսլականով, Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն չորրորդը հանդիսացող՝ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ, Կիրակի 17 Օգոստոս 2014ի առաւօտեան, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ ժամերգութիւն, ապա մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ։ Ս. պատարագը մատուցեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Պօղոս քհնյ. Պալթայեան։ Ս. պատարագի երգեցողութիւնը կատարուեցաւ եկեղեցւոյ դպրաց դասին կողմէ։
Պատարագիչ տէր հայրը օրուան պատշաճ պատգամով անդրադարձաւ Ս. Աստուածածինի կեանքին, առաքինութիւններուն եւ իր ննջումէն ետք երկինք վերափոխման մասին։ Ան մէջբերեց Աստուածածնայ նուիրուած շարականներէն հատուածներ աշխարհաբար թարգմանութեամբ՝
«Խունկի ծառի նման ես,
Դու քաղձրահամ պտուղ ես,
Բարի պտուղ բերած ես,
Աստուածածին մեղայ քեզ։
Դու հողանիւթ հրեշտակ ես,
Երկրէ երկինք դուն հարս ես,
Աստուած մարմնով ծնած ես,
Աստուածածին մեղայ քեզ։
Դու յոռդարատ աղբիւր ես,
Ծարաւցածին արբումն ես,
Մեղաւորին քաւիչ ես,
Աստուածածին մեղայ քեզ։
Դու լուսեղէն տաճար ես,
Ոսկիապատ խորան ես,
Դու մարգարիտ անգին ես,
Աստուածածին մեղայ քեզ»։
«Քեզ նման մէկը չկայ, գովելի ես, գովելի՛,
Անեղին մայր եղար կոյս, տենչալի ես տենչալի։
Մեղաւորին հաստատուն յոյս, անձկալի ես, անձկալի։
Մեր փրկութեան դուն ես պատճառ, խնկելի ես խնկելի։
Սերովբէներ, քերովբէներ, ըզքեզ կ՛օրհնեն, ով Սուրբ Կոյս»։
Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ աւանդական խաղողօրհնէքի արարողութիւն. տէր հայրը շրջապատուած Ս. խորանին սպասարկող սարկաւագներով, ուրարակիրներով ու դպիրներով օրհնեց հաւատացեալներու կողմէ նուիրուած խաղողները։ Աւարտին եկեղեցւոյ հոգաբարձուներն ու տիկնանց միութեան անդամուհիները հաւատացեալներուն բաշխեցին օրհնուած խաղողները։
Ըստ տարիներու սովորութեան՝ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին օրը եկեղեցական արարողութեանց աւարտին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան եւ Տիկնանց միութեան կողմէ կազմակերպուած էր «սիրոյ ճաշ» Փասատինայի Հայ կեդրոնի սրահէն ներս 2242 E. Foothill Blvd., Pasadena, ուր համախմբուեցան Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծուխի հաւատացեալները։ Ողջոյնի խօսքերով եւ բարեմաղթանքներով հանդէս եկան հոգաբարձութեան ատենադպիր՝ Յակոբ Գարապիպերճեան, տիկնանց միութեան ատենապետուհի՝ Մարօ Մուճուքեան եւ հոգեւոր հովիւը, որոնք նաեւ շնորհաւորեցին եւ բարեմաղթութիւններ ուղղեցին Մարիամ անունը կրողներուն։
Հոգաբարձութիւնն ու Տիկնանց միութիւնը լաւապէս կազմակերպած էին «սիրոյ ճաշ»ը որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ մտերմիկ, խանդավառ մթնոլորտ եւ կատարուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր։ Տիկնանց միութիւնը կազմակերպած էր վիճակահանութիւն ի նպաստ եկեղեցւոյ պայծառութեան։ Աւատին, հոգեւոր հովիւը, Երեսփոխանական կազմի անդամները եւ ներկայ բազմութիւնը գնահատանքի խօսքեր ուղղեցին հոգաբարձութեան եւ տիկնանց միութեան կատարած ժրաջան աշխատանքներուն համար։