
ԵՐԵՒԱՆ, «Փանորամա».– «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան գլխաւոր մասնաշէնքի գրասենեակին մէջ հիւրընկալուած են սփիւռքէն Հայաստան գտնուող 20-30 տարեկան հայ երիտասարդ կամաւորներ, որոնք պատրաստակամ են մասնագիտական հմտութիւնները Հայաստանի մարզերուն մէջ կիրարկելու: «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան կամաւորները ծանօթացուցած է ընկերութեան գործունէութեան գլխաւոր գործառոյթներուն, հիմնարար արժէքներուն, ինչպէս նաեւ որդեգրած համագործակցական ընկերային պատասխանատուութեան քաղաքականութեան:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ը չափազանց կարեւոր կը նկատէ եւ կը քաջալերէ սփիւռքահայ երիտասարդներու՝ հայրենիքը բացայայտելու ցանկութիւնը: Այստեղ, սակայն, առաւելապէս կարեւոր է այն մօտեցումը, որ Հայաստանը լաւագոյնս ճանչնալու համար պէտք է երկիրը դիտել ոչ թէ զբօսաշրջիկի աչքերով, այլ՝ հայրենիք այցելել աւելի կարեւոր նպատակով. Հայաստանը ընկալել որպէս վայր մը, ուր կարելի է ծաւալել մասնագիտական գործունէութիւն կամ ընկերային տարբեր թիրախային խումբերու յատուկ ծրագիրներու մէջ կամաւոր աշխատանք տանելով՝ սեփական ներդրում ունենալ երկրի զարգացման մէջ: Բացայայտել Հայաստանը կը նշանակէ դառնալ անոր մէկ մասնիկը, զգալ երկրի ոգին, անմիջական կապի միջոցով ծանօթանալ անոր բնակիչներուն, ճանչնալ անոնց ապրելակերպն ու առօրեան: Կարեւոր է նաեւ լաւ յարաբերութիւններ հաստատել տարեկիցներու հետ եւ ստեղծել անձնական ու գործնական ամուր կապեր:
«Ողջունելի եւ խոստումնալից է, որ կայացրել էք այս որոշումը եւ այցելել էք հայրենիք: Այժմ դուք մեր սիրելի Հայաստանի դեսպաններն էք աշխարհում», յայտնած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»ի գլխաւոր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան՝ ողջունելով Միացեալ Նահանգներէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն, Մեքսիքոյէն եւ Քանատայէն եկած հայ երիտասարդները։
2004էն ի վեր, «Վիվասել-Էմ.Թի. Էս.»ի աջակցութեամբ «Դէպի Հայք» հիմնադրամը կազմակերպած է 32 երկիրներէ Հայաստան ժամանած հայ մասնագէտներու կամաւոր աշխատանքը՝ Հայաստանի տարբեր մարզերու մէջ։ Հայաստանի մէջ յաջողելու Ռալֆ Եիրիկեանի օրինակը այն գործօններէն է, որոնք հետաքրքրութիւն կը յառաջացնեն սփիւռքահայ երիտասարդներուն մօտ՝ Հայաստան գալու եւ տարբեր նախագիծերու մասնակցելու։
«Որտեղ էլ որ լինեն աշխարհով մէկ սփռուած հայերը՝ պէտք է կարեւոր համարեն Հայաստանի տնտեսութեան զարգացումը: Ուրիշ էլ ո՞վ պէտք է հոգա երկրի տնտեսական առաջընթացի եւ բարօրութեան մասին, եթէ ոչ՝ մենք: Մենք բոլորս պէտք է լինենք հաստատակամ, հետեւողական եւ աշխատասէր: Հարկաւոր է միայն յիշել, որ աշխարհի ոչ մի երկիր զերծ չէ խնդիրներից: Յաջողութեան են հասնում նրանք, ովքեր ձգտում են ստանալ շօշափելի արդիւնք: Մենք կարող ենք յաջողել, եթէ առաջնորդուենք լաւատեսութեամբ եւ մեր երկրի հանդէպ անձնական ու կորպորատիւ պատասխանատուութեան զգացումով», աւելցուցած է Ռալֆ Եիրիկեան:
Կամաւորները կիսած են Հայաստանի մէջ իրենց ստացած տպաւորութիւնները: Ռալֆ Եիրիկեանի հետ հանդիպումը կայացած է հարցուպատասխանի ձեւաչափով՝ ընգրկելով տարբեր նիւթերու առնչուող հարցեր: Կազմակերպուած քննարկումը օգնած է երիտասարդներուն առաւել սպառիչ պատկերացում կազմելու առեւտուրի կառավարման եւ ղեկավարման սկզբունքներուն մասին: