ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ռուսիա կ՛ողջունէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման նպատակով կայացած որեւէ հանդիպում: 28 Օգոստոսին լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Իվան Վոլինքինը՝ պատասխանելով«Նիուզ»ի թղթակիցին հարցումին, որ կը վերաբերէր Հոկտեմբերին Ֆրանսայի նախաձեռնութեամբ Փարիզի մէջ նախատեսուած Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներու հանդիպման։
Ի պատասխան այն հարցումին, թէ ռուսական կողմը արդեօք հետեւողական պիտի ըլլա՞յ ատրպէյճանական գերութեան մէջ սպաննուած Կարէն Պետրոսեանի սպանութեան գործի հետաքննութեան հարցին գծով՝ դիւանագէտը ընդգծած է, որ ատիկա միայն ռուսական կողմէն կախեալ չէ:
«Հետաքննութիւնը պէտք է բազմակողմանի հիման վրայ տարուի՝ բոլոր կողմերուն ներգրաւուածութեամբ: Ամէն ինչ կախեալ պիտի ըլլայ հետաքննութեան հարցին մէջ կողմերուն պայմանաւորուածութիւններէն: Հարցը այն է, որ միջադէպերու կրկնութեան վտանգը նուազեցնելու համար հարկաւոր է, որ հետաքննութիւններու մեքանիզմը լաւ աշխատի», դիտել տուած է Վոլինքին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.