ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա».– Հայաստանի կառավարութիւնը անգամ մը եւս գումար պիտի վճարէ Մարդու իրաւուքններու եւրոպական դատարանին: Այս անգամ ինը ամսուան ընթացքին գործադիր մարմինը 6030 եուրոյին համարժէք գումար պիտի փոխանցէ դատարանին: Դատարանը վճիռը կայացուցած է այս տարուան 8 Ապրիլին: Եւրոպական դատարանի վճիռով խախտուած է «Մարդու իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու պաշտպանութեան մասին» ուխտի 5րդ յօդուածի 1ին եւ 4րդ կէտերը՝ Հայաստանի քաղաքացի Վարդանի Մինասեանի ազատութեան եւ անձնական անձեռնմխելիութեան իրաւունքը: Վարդան Մինասեան միաժամանակ անօրինական կալանքի տակ դրուած է։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.