ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ եւ Հայաստանի սահմանին վրայ գտուող եւ շուրջ 5000 տարուան պատմութիւն ունեցող պատմական հայկական Անի քաղաքի տակ յայտնաբերուած են գաղտնի փապուղիներ, սենեակներ, խուցեր, հսկայական միջանցնքեր, անհաւանական անկիւններ եւ թակարդներ:
Ինչպէս հաղորդած է «Արմէնփրէս»ը՝ վկայակոչելով թրքական «Hurriyet Daily News»ը, այս մասին Կարսի Կովկասեան համալսարանին մէջ կայացած «Միջազգային Անի-Կարս սիմպոզիում»ին ընթացքին յայտնած է պատմաբան Սեզայի Եազիճի:
Ան նշած է, որ քաղաքին տակ գտնուող գաղտնի փապուղիները այնքան խճճուած են, որ կրնան որեւէ մարդ շեղել ճիշդ ուղղութենէն: Եազիճջի նշած է, որ 2011 թուականի իր հետազօտութիւններուն ընթացքին հանդիպած է շատ կարեւոր տեղեկատութեանց. 20րդ դարու ականաւոր դէմքերէն մէկը՝ Գէորգի Իւանովիչ Գուրջիեւ, որ իր մանկութեան եւ պատանեկութեան տարիներուն մեծ մասն անցուցած է Կարսի մէջ, 1880ական թուականներուն իր ընկերոջ՝ մի ոմն Պօղոսեանի հետ, երկար ժամանակ աշխատած է Անիի մեկուսի վայրերէն մէկուն մէջ: Օր մը, Անիի փապուղիներէն մէկը փորելու ընթացքին, անոնք յայտնաբերած են մէկ այլ՝ նոր ու նեղ փապուղի, որ փակուած եղած է քարերով: Քարերը հեռացնելէ ետք, անոնք հոն յայտնաբերած են սենեակ մը, ուր կար հինցած կահոյք, կոտրուած ծաղկամաններ եւ կաթսաներ: Թէպէտ Գուրջիեւ լաւ հայերէն կը խօսէր, այդուհանդերձ ան չէ կրցած կարդալ հոն գտնուած հայերէն գրութիւնները, քանի որ անոնք գրաբարով եղած են: Աւելի ուշ, պարզուած է, որ գրութիւնները նամակներ եղած են, որոնք վանականը հասցէագրած է այլ վանականի մը: Ի վերջոյ, Գուրջիեւ իմացած է, որ հոն 6-7րդ դարերու ընթացքին գործած է դպրոց եւ վանական համալիր:
Եազիճիի համոզումով, Գուրջիեւ առաջինը եղած, որ յիշատակած է Անիի աւերակներուն տակ գտնուող վանական համալիրը: Թուրք հետազօտողի համաձայն՝ պատմական հայկական մայրաքաղաքին տակ կան շուրջ 823 ստորգետնեայ կառոյցներ եւ քարանձաւներ, որոնք տեղակայուած են 500 մեթր խորութեան վրայ: Եազիճի յայտնած է, որ Թուրքիոյ զբօսաշրջութեան եւ մշակոյթի նախարարութիւնը պէտք է յատուկ ուշադրութիւն դարձնէ այս վայրերուն եւ կառուցէ զբօսաշրջիկներու համար ճամբաներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.