Երկուշաբթի, 18 Օգոստոս 2014ին Հայաստանի Կոտայքի մարզի Քանաքեռաւանի շրջանին մէջ բացումը կատարուեցաւ ՀՅԴ «Սերժ Գալուստեան» բանակավայրին: Առաջին անգամ ըլլալով ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան միութիւնը 140 պատանիներով եւ 30 պատասխանատուներով սկսաւ իր բանակումին:
Դրօշակի արարողութիւնը կատարուեցաւ «Մեր հայրենիք» եւ «Մշակ բանուոր» քայլերգներու երգեցողութեամբ: Եռագոյնը եւ Դաշնակցութեան դրօշը ծածանեցան բանակավայրի կայմին վրայ:
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Հայաստանի Գերագոյն մարմինին ներկայացուցիչը, ՀՅԴ Հայաստանի պատանեկան միութեան ատենապետն ու վարչական անդամները, Սերժ Գալուստեանի ընտանիքը, հայրենիքէն եւ Սփիւռքէն ժամանած հիւրեր եւ ընկերներ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինի ատենապետ Սիմոն Գաֆալեան: Ան նշեց, թէ իրենց որոշումով Հայաստանի պատանեկան միութիւնը իր այս տարուան բանակումը կը նուիրէ Սերժ Գալուստեանի յիշատակին եւ առաջին անգամ ըլլալով կատարեց բանակավայրի բացումը:
Ապա խօսքը փոխանցեց Սերժ Գալուստեանի կնոջ՝ Արին Գալուստեանին: Ան իր խօսքին մէջ նշեց բանակավայրի գաղափարի յղացման տուն տուող պատճառները եւ ըսաւ, թէ Սերժի ապաքինման ծախսերուն համար գոյացած գումարով իրենց ընտանիքը որոշած է այդ հողատարածքը գնել եւ տրամադրել ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինին, որպէսզի գործածուի ՀՅԴի եւ անոր ուղեկից միութիւններու պատանեկան եւ երիտասարդական միութիւններու կողմէ՝ իբրեւ բանակավայր, եւ պատանիները հայրենի հողին վրայ դաստիարակուին հայրենաշունչ ոգիով, ինչ որ Սերժի եւ իր գաղափարակից ընկերներուն փափաքը եղած է:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց, բոլոր այն ընկերներուն, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնեցան Սերժի ապաքինման ջանքերուն: Իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինին, որ սիրայօժար ընդունեց առաջարկը եւ ստանձնեց իր միջոցներով նուիրատուներ գտնել, որպէսզի համագաղութային ջանքերով բանակավայրը ըլլայ արդիական, օգտագործելի բոլորին համար: Ան նաեւ շնորհակալական իր խօսքը փոխանցեց Հայաստանի պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինին, որ 2014ի բանակումը իրականացուց այդ հողաշերտին վրայ եւ զայն նուիրեց Սերժի անթառամ յիշատակին:
Ապա Հայաստանի Գերագոյն մարմինին անունով խօսք առաւ Լիլիթ Գալստեան: Ան կարեւորութեամբ խօսեցաւ բանակումներու դաստիարակչական դերին մասին եւ ըսաւ, որ հայրենիքը պէտք ունի լաւ դաստիարակուած նուիրեալներու եւ ինք ուրախ է, որ այս բանակավայրի գոյութեամբ կարելի պիտի ըլլայ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի, թէ՛ æաւախքի եւ թէ ամբողջ Սփիւռքի պատանիներն ու երիտասարդները ի մի խմբել եւ հայրենիքի հողին ջերմութեամբ թրծել զանոնք, որպէսզի ապագային իւրաքանչիւրը դառնայ հայրենիքի պաշտպան:
Ան ըսաւ, որ Սերժ Գալուստեան իր կեանքի ընթացքին միշտ հաւատացած է պատանիներու եւ երիտասարդներու դաստիարակութեան կարեւոր գործին, իր ներդրումը ունեցած է եւ այս բանակավայրի գոյութիւնը լաւագոյն ձեւն է, որ ընկերոջ յիշատակը միշտ անթառամ մնայ սերունդներու մօտ: Ան ըսաւ, թէ վստահ է, որ մօտ ապագային միացեալ ճիգերով կարելի պիտի ըլլայ զարգացնել եւ կառուցել բանակավայրը:
Ապա խօսք առաւ Քանատայէն Հայաստան հաստատուած Հրաչ Ճապրայեան («Տանտի Փրեշըս» ընկերութեան տնօրէն), որ սիրայօժար կերպով արդէն իսկ տրամադրած է շուրջ 6000 տոլար՝ բանակավայրի ցանկապատման աշխատանքներուն եւ լոգարաններու շինութեան համար: Ան իր խօսքը ուղղելով պատանիներուն՝ յաջողութիւն մաղթեց եւ կարեւոր նկատեց գիտակից հայու եւ հայրենիքի պաշտպանութեան պատրաստ ըլլալու հանգամանքը:
Ներկաներէն ոմանք կատարեցին նուիրատուութեան խոստումներ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.