
ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ վարչապետի պաշտօնակատար Ահմետ Տաւութօղլու, որ նաեւ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավարն է, Ուրբաթ, Օգոստոս 29ին նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանին ներկայացուց հանրապետութեան 62րդ կառավարութեան կազմը, որ Էրտողանի հաւանութեան արժանացաւ։
Տաւութօղլուի ներկայացուցած կառավարութեան նոր կազմին մէջ իրենց պաշտօնները պահպանած են տնտեսութեան, ելեւմուտքի եւ ուժանիւթի նախարարները։ Վարչապետի պաշտօնակատարը իր խմբակին մէջ առած է երկու նոր փոխվարչապետ։
Եալչըն Աքտողան եւ Նուման Քուրթուլմուշ կը փոխարինեն փոխվարչապետներ Պեշիր Աթալայն ու Էմրուլլահ Իշլերը։ Աթալայ քրտական հարցի լուծման «խաղաղութեան հոլովոյ»չին մէջ կարեւոր դերակատար մըն է, եւ կը նախատեսուի, որ Աքտողան, որ Էրտողանի սերտ խորհրդատուն է նշեալ հոլովոյթին մէջ, ստանձնէ Աթալային դերը։
Մեւլութ Չաւուշօղլու, որ վերջին 9 ամիսներուն վարած է Եւրոպական Միութեան հարցերու նախարարի պաշտօնը, պիտի փոխարինէ Տաւութօղլուն՝ իբրեւ արտաքին գործոց նախարար։ Երկրի առեւտուրի եւ մաքսային հարցերով նախարար նշանակուած է Նուրետտին Չանըքլըն։
Նոր նախարարաց խորհուրդը պիտի կարենայ սկսիլ իր աշխատանքին՝ միայն խորհրդարանի վստահութեան քուէն ստանալէ ետք։
Այս հարցին վերաբերեալ քուէարկութիւնը պիտի կայանայ Սեպտեմբեր 6ին կամ 8ին։
Մինչ այդ՝ Տաւութօղլու պէտք է երեսփոխաններու հաստատման ներկայացնէ իր գլխաւորած կառավարութեան ծրագիրը։