ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Կա՞յ մարդ որ չի՛ յոգնիր: Առաջին իսկ հայեացքով, այս հարցումը անհեթեթ կը թուի: Սակայն մեզմէ իւրաքանչիւրը իր ապրած միջավայրին մէջ վստահաբար հանդիպա՛ծ է մարդոց, որոնց համար կարելի է ըսել, թէ՝ «յոգնիլ չի՛ գիտեր»: Անշուշտ սա պարզապէս տրուած բացատրութիւն մըն է տուեալ անձի անխոնջ աշխատանքին ու թափած անհատնում ճիգին մասին: Բայց իրականութիւնը վստահաբար տարբեր է գնահատական բնոյթ ունեցող սոյն բացատրութենէն:
Մարդ էակի ուժն ու կարողութիւնը, առաւել կամ նուազ չափով յստակ են ու սահմանուած իրեն համար: Անոր ուսերուն դրուելիք ծանրութիւնն ու անոր կրելիք բեռը չե՛ն կրնար անդրանցնիլ իրեն համար որոշուած սահմանները: Բնականաբար տար-բերութիւններ պիտի ըլլան անոնց միջեւ, որովհետեւ ոմանք աւելի տոկուն մարմին ունենալով՝ շա՛տ աւելի կը դիմանան, իսկ ուրիշներ նրբակազմ ըլլալնուն՝ շուտո՛վ կը կքին:
Վերոյիշեալ գաղափարն ալ կարելի չէ՛ ընդհանրացնել: Որովհետեւ որոշ երեւոյթներ ճի՛շդ հակառակը կը փաստեն: Մեր բերանին զարդը կը կազմեն, օրինակ, մեր ակռաները: Փաստի պէտք չունինք հաստատելու, թէ ակռաները ամուր մարմիններ են, ոսկորատիպ, որոնք երբեմն կարծր պատառներ ալ խածնելու եւ ծամելու հնարաւորութիւն կու տան մեզի: Ակռաները բերդի պարիսպներու նման կը շրջապատեն մարդու արտայայտչական ամէնէն կարեւոր գործիքը՝ լեզուն, որ ինչպէս ծանօթ է փափուկ եւ զգայուն մկան մըն է մարդու բերանին մէջ: Սակայն, բոլորիս ալ ծանօթ է այն պարագան, որ ակռաները շատ աւելի դիւրաւ կը մաշին ու կը փճանան, յաճախակի վերանորոգութեան կարիք կ՛ունենան եւ ցաւալից պահեր կը պատճառեն, ենթակային կողմէ անոր նկատմամբ ցուցաբերուած անփութութեան պարագային: Մինչ լեզուն, նոյնիսկ եթէ ծերութեան բերումով կամ մտային տկարութեան կամ յիշողութեան խնդիրներու հետեւանքով կոր-սնցնէ իր կարեւորագոյն յատկութիւնը՝ խօսելու կարողութիւնը եւ պապանձումի դատապարտուի, դարձեալ իբրեւ մկան կը մնայ առողջ եւ կը գոյատեւէ մինչեւ վախճան:
Լեզուի եւ ակռաներու այս օրինակը պարզապէս ուրիշ պատկեր մըն է տկար եւ զօրաւոր նկատուած մարդոց համար օգտագործուող՝ ըսելու, թէ երբեմն տկար նկատուածները շատ աւելի ուժեղ ու զօրաւոր կ՛ըլլան անհատականութեամբ եւ նկարագրով, քան՝ արտաքնապէս հզօր ու անխորտակելի համարուողները: Ուրեմն, երբեմն վտիտ ուսերով ու վատոյժ մարմինով մարդիկ շատ աւելի՛ ծանրութիւն կը կրեն եւ աւելի երկար կը դիմանան, քան՝ հուժկու ու թիկնեղ անձեր:
Վերոյիշեալ մտածումները մեզ կը հասցնեն այն եզրակացութեան, թէ չյոգնիլը նաեւ տրամադրուածութեան ու կամքի հետ առնչուող երեւոյթ է: Օրինակ, մօր պարագային չյոգնիլը, իր զաւակներուն նկատմամբ սիրոյ, նուիրումի ու գիտակից զոհողութեան հետ առնչուած է անկասկած: Այլապէս, գիտութեամբ տրուող բացատրութիւնը տարբեր պիտի ըլլար: Այսինքն՝ զաւակներու մայր դարձած անձն ալ պիտի յոգնէր դժուարին՝ աշխատանքի դիմաց կամ դժգոհէր իրեն վիճակուած գործի ծանրութեան համար բողոքելով: Սակայն կը տեսնենք, թէ նոյնիսկ վատոյժ կամ հիւանդ, մայրը չի՛ թերանար իր պարտականութեան մէջ, երբ ատիկա առնչուած է իր զաւակներուն ապրուստին, կենցաղին, սնունդին, մէկ խօսքով՝ կեանքին: Այդ պահուն անոր զգացած յոգնութիւնը ծանր կամ անտանելի չի՛ թուիր իրեն համար, մինչ սովորական որեւէ աշխատանք կրնայ նոյնիսկ տաժանակիր թուալ:
Մայրանալով զաւակներու հոգածութեան նուիրական առաքելութիւնը ստանձնելէն բացի, կեանքի իւրաքանչիւր ասպարէզ ունի՛ իր չյոգնելու գաղտնիքը: Կարելի է շա՜տ հանդիպիլ իր ընտանիքի ապրուստին համար առօրեայ դրութեամբ վազվզող մարդոց, որոնք երկար մղոններ կը կտրեն, աշխատանքի վայրը հասնելու եւ անկէ վերադառնալու համար: Աշխատանք գտած ըլլալու եւ զայն չկորսնցնելու ուրախութիւնն ու մտավախութիւնը միասնաբար կ՛առաջնորդեն անոնց քայլերը, ի խնդիր պատառ մը հացի:
Մարդու բարոյական կեանքն ալ յոգնեցնող երկար ճանապարհ է, ուրկէ քալողներէն ոմանք յոգնելով ուժասպառ պիտի ըլլան ու ճամբու եզրին իյնան, իսկ ուրիշներ՝ հանդարտ բայց հաստատակամ պիտի յառաջանան մինչեւ հասնի իրենց կեանքի վախճանակէտը:
Վերոյիշեալ պատկերը ճիշդ հասկնալու համար կարելի է յիշել հեծանիւով երկար մրցավազք ունեցողներու պարագան: Մրցումի սկզբնակէտը այնքան կարեւոր չ՛ըլլար, ինչքան՝ միջին մասն ու աւարտը: Տեսնուած է, թէ մարզիկներէն ոմանք առաջին իսկ վայրկեանէն իրենց ամբողջ ուժը հաւաքած կը փորձեն միւսներուն անցնիլ, սակայն մէկ ժամ չանցած, պարտադրուած կը դանդաղեցնեն իրենց ընթացքը, ուժասպառ ու շնչասպառ ետ մնալով քիչ առաջ իրենց անցած մրցակիցներէն: Սակայն, շա՜տ ետ մնացած մարզիկը, որ ամբողջ մրցումին ընթացքին հանդա՜րտ կը վարէր իր հեծանիւը, երբ մրցադաշտի վերջին հանգրուանին կը հասնի, յանկարծ իր ամբողջ ուժը հաւաքելով, յոգնած մրցակիցներուն մէջէն կ՛անցնի ու կը խլէ առաջնութիւնը…
Ինչպէ՞ս կրցաւ հասնիլ ան մինչեւ վախճանակէտին: Միթէ՞ այդ մարզիկը գերմարդկային կարողութեամբ օժտուած էր, թէ՞ խարդախութեամբ հասաւ այդ արդիւնքին: Ո՛չ մէկը, ո՛չ ալ միւսը: Ան յաղթեց ու հասաւ իր նպատակին, որովհետեւ խաղի իսկական կանոններուն հետեւեցաւ, ինչպէս իր մարզիչը դաստիարակած էր զինք՝ շնչառութիւնն ու մկանային շարժումները համահաւասար սպառումի ենթարկելով մինչեւ վերջակէտը մրցումին:
Կեանքն ալ ունի «ուղիղ քալել»ու իր անշե՛ղ կանոնները: Ով որ ուղիղ քալէ՝ չի՛ յոգնիր ո՛չ աշխատելէն, ո՛չ ալ ապրելէն: Որովհետեւ աշխատանքէն յոգնողները սովորութիւն ունին յանցանքը կեանքի՛ն վրայ բարդելու՝ ըսելով, թէ այլեւս ապրելէն ալ յոգնած են: Ասիկա անհիմն պատճառաբանութիւն մըն է, տկար մարդոց բերնին մէջ յաճախ լղորճուող: Նման արտայայտութիւններ ունեցողները պարզապէս իրենց կեանքի ընթացքին ուղիղ քալած անձեր չեն եղած, իսկ հիմա՝ երբ կեանքը սահած է իրենց ոտքերուն տակէն, ու չեն կրնար հասնիլ անոր, գէթ լեզուով կ՛ուզեն կշտամբել զայն ու յանցաւոր յայտարարել անմեղին:
Կեանքի մէջ քալելն ալ ուրեմն, իր օրէնքը ունի. այն է՝ ուղի՛ղ քալել: Սա կարելի է նոյնիսկ բառացի ընկալել, որովհետեւ նոյնիսկ քարքարուտ կամ անհարթ ճանապարհէն քալողը երբ ուղիղ եւ ուշադիր քալէ, գետին չի՛ տապալիր, այլ՝ կը հասնի իր փափաքած հասցէին:
Ո՛չ ոք կ՛ուզէ յոգնիլ: Իսկ եթէ դուն ալ չե՛ս ուզեր յոգնիլ կեանքէն, ուրեմն ուղի՛ղ քալէ, նոյնիսկ եթէ երկրորդական ու նեղ արահետներէ անցնիս: