ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Ե-լեկտրականութեան «Ագարակ- 2» եւ «Շինուհայր» ենթակայանները պիտի վերանորոգուին Ասիական զարգացման դրամատան տրամադրած ֆինասաւորման միջոցով: Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը Ասիական զարգացման դրամատան հետ ստորագրեց «Ելեկտրահաղորդման ցանցի վերակառուցման ծրագիր» վարկային համաձայագիրը, որով Հայաստանին պիտի տրամադրուի 37 միլիոն տոլարի ֆինանսաւորում:
Համաձայնագիրի ստորագրութեան ընթացքին Հայաստանի ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Երուանդ Զախարեան նշած է, որ ծրագիրի ծիրին մէջ կը նախատեսէ ընդլայնել վերահսկման եւ տուեալներու ձեռքբերման SCADA եւ ուժանիւթի կառավարման համակարգերը, ինչպէս նաեւ վերակառուցել 220 քիլովաթ արտադրող «Ագարակ-2» եւ «Շինուհայր» ենթակայանները: «Արդէն իսկ ներդրուած SCADA համակարգը լիարժէք գործող ու արդիւնաւէտ դարձնելու նպատակով նախատեսւում է լրացուցիչ տեղադրել շուրջ 200 կմ. օպտիկամանրաթելային մալուխ, զգալիօրէն աւելացնել SCADA համակարգից օգտուողների քանակը, արդիականացնել գոյութիւն ունեցող ծրագրային փաթեթը եւ ստեղծել հարեւան երկրների հետ միջսերուերային փոխանակման հանարաւորութիւն: Վարկային ծրագրի իրականացումը կը նպաստի հանրապետութեան էներգետիկ անվտանգութեան եւ սպառողների էլեկտրամատակարարման յուսալիութեան բարձրացմանը, էներգետիկայի բնագաւառում տարածաշրջանային փոխշահաւէտ համագործակցութեան զարգացմանը», ըսած է նախարարը:
Ստորագրուած է նաեւ ելեկտրահաղորդման ցանցի վերակառուցման ծրագիրի համաձայնագիրը՝ Ասիական զարգացման դրամատան, «Բարձրավոլթ ելեկտրացանցեր» ընկերութեան, «Ելեկտրականութեան համակարգի գործարկող» ընկերութեան միջեւ: Ելեկտրականութեան հաղորդակցութեան ցանցի վերակառուցման վարկային ծրագիրով նախատեսուած է Հայաստանին տրամադրել շուրջ 37 միլիոն տոլար վարկային միջոցներ (25 տարի մարման ժամկէտով, ներառեալ 5 տարի արտօնեալ ժամկէտով, տոկոսադրոյքը՝ տարեկան 2 տոկոս):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.