
ԵՐԵՒԱՆ.– Ազգային ժողովի այգիին մէջ 4 Սեպտեմբերին կայացաւ «Դադարեցրէք եզդիների կոտորածը» խորագիրով համերգը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ երգի անդրանիկ ներկայացումը: «Շանգալ» անունով երգը նուիրուած է այս օրերուն Իրաքի մէջ կոտորածի ենթարկուող եզիտիներուն եւ միաժամանակ ահազանգ է աշխարհին, որ չդատապարտուած որեւէ ոճրագործութիւն միշտ կը կրկնուի:
Շանգալը Հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող եզիտաբնակ այն տարածքն է, ուր ծայրայեղ իսլամները դաժանաբար կը սպաննեն եզիտիները։ Եզիտի երգիչ æահանգիր Բրոյեանը այս երգը գրած է մէկ օրուան ընթացքին՝ տպաւորուած այն տեսարաններով եւ լուսանկարներով, որոնք փոխանցուած են Իրաքէն։
«Այս երգի միջոցով մենք մեր ձայնն ենք բարձրացնում ի լուր աշխարհի, որպէսզի օգնութեան հասնեն եզդիներին եւ փրկեն ցեղասպանութիւնից», յայտարարած է Բրոյեան:
Երգի ճամբով ան կը յայտարարէ, որ ցաւ ունի, սակայն աշխարհին մէջ ոչ ոք անոր ուշադրութիւն կը դարձնէ։ æահանգիր երգը կատարեց Արթօ Թունճպոյաճեանի հետ:
Եզիտի ժողովուրդին կոտորածը անտարբեր չէր ձգած նաեւ հայ ռոք երաժիշտները, որոնք Ազգային ժողովի այգիին մէջ æահանգիր Բրոյեանի եւ Արթօ Թունճպոյաճեանի հետ «Դադարեցրէք եզդիների կոտորածը» խորագիրով ռոք համերգին ընդմէջէն իրենց ձայնը բարձրացուցին։
Նշենք, որ 11 Սեպտեմբերին՝ ժամը 20:00ին այս առիթով տեղի պիտի ունենայ ջահերով երթ՝ Երեւանի Ազատութեան հրապարակէն Ծիծեռնակաբերդ: