
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Թէեւ հեշտ գործ չէ միաւորել հայերը՝ Թուրքիայէն փոխհատուցման ընդհանուր պահանջներու փաթեթին շուրջ, սակայն չափազանց կարեւոր է զայն իրականացնել Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նախաշեմին:
Այսօրուան հրամայականն է, որ հայերը խօսին միաձայն՝ աշխարհին լսելի դարձնելով, թէ իսկապէս ինչ կ՛ուզեն Թուրքիայէն, որովհետեւ տարաբնոյթ պահանջները շփոթ ստեղծող պատգամ կը փոխանցեն: Որոշ հայեր կը բաւարարուին, եթէ Թուրքիոյ կառավարութիւնը պարզապէս ճանչնայ Ցեղասպանութիւնը եւ ներողութիւն խնդրէ: Ուրիշներ կը պահանջեն ֆինանսական փոխհատուցում, բաց սահմաններ, ելք դէպի Սեւ ծով եւ Արարատ լերան վերադարձ: Առաւելագոյնին ձգտողները, ինչպէս նաեւ տողերուս հեղինակը, կը պահանջեն այդ բոլորը, ինչ որ հայ ժողովուրդը կորսնցուցած է Ցեղասպանութեան ժամանակ՝ փոխհատուցում 1.5 միլիոն հայերու սպանութեան համար, եւ անոնց ունեցուածքի, դրամատնային հաշիւներու, եկեղեցիներու, դպրոցներու, գերեզմանոցներու եւ Արեւմտեան Հայաստանի տարածքներու վերականգնում: Նախորդ յօդուածներով ես կողմնակից եղած եմ ընդհանուր եզրի մը՝ «արդարութեան» ձգտումին, բառ մը, որ կ՛ընդգրկէ հայ ժողովուրդի բոլոր պահանջները Թուրքիայէն:
Առաւելագոյնին ձգտիլը կ՛ենթադրէ Ցեղասպանութեան ժամանակ հայերու ոչ միայն ամբողջ կորսնցուցածի վերականգնում, այլեւ բանակցութիւններու լաւագոյն ռազմավարութեան կիրառում: Ինչո՞ւ պահանջել նուազագոյնը եւ ստանալ նոյնիսկ աւելի քիչ: Արդեօք աւելի խելամիտ չէ՞ սկսիլ առաւելագոյն պահանջներէն եւ հասնիլ հնարաւորինս լաւագոյն համաձայնութեան:
Այսպիսի խոհերու մէջ էի, երբ կը կարդայի Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի լաւ շարադրուած յօդուածը՝ «Թուրքիան Պէտք Է Դէմ Յանդիման Գայ Իր Պատմութեան», որ անցեալ շաբաթ հրապարակուած է «Լը Ֆիկարօ»ի մէջ: Ան ճիշդ որակած է նախագահ Էրտողանի եւ այլ թուրք պաշտօնեաներու Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ վերջերս գործածած «ընդհանուր ցաւ» եւ «արդար յիշողութիւն» դրոյթները՝ իբրեւ «շինծու» եւ «մոլորեցնող»: Նալբանդեան նաեւ մերժած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ «ճշմարտութիւնը պարզելու համար պատմաբաններու յանձնաժողով կազմելու» Թուրքիոյ առաջարկը: Ցաւօք, այս չարաբաստիկ առաջարկը ներառուած էր 2009 թուականի հայ-թրքական արձանագրութիւններուն մէջ, զոր արտաքին գործոց նախարարը կը շարունակէ պաշտպանել իր յօդուածին մէջ:
Նաեւ, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու եւ «Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ դատապարտման» միջոցով «հաշտեցման» ձգտելու համար Թուրքիան պարզապէս խարազանելու փոխարէն, արտաքին գործոց նախարարը պէտք էր պահանջէր «արդարութիւն», որ իր մէջ ներառէ հայկական բոլոր պահանջները:
Իր մանրակրկիտ յօդուածի վերջաւորութեան Նալբանդեան « Լը Ֆիկարօ»ի ընթերցողներուն կը յիշեցնէ, որ նախագահ Սարգսեան հրաւիրած էր նախագահ Էրտողանը «այցելելու Հայաստան 2015ի Ապրիլ 24ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Մենք յոյսով ենք, որ սա կորսուած հնարաւորութիւն չ՛ըլլար եւ Թուրքիոյ նախագահը այդ օրը Երեւան կը գտնուի»:
Ակնյայտ է, որ Հայաստան կը փորձէ Թուրքիոյ նախագահը դժուար կացութեան մէջ դնել. կամ ան կը մերժէ հրաւէրը՝ աշխարհի աչքին առջեւ վատ երեւելով, կամ կու գայ Հայաստան 2015 թուականին Ապրիլ 24ին եւ կը ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը:
Այս ճարպիկ ծրագիրը հետապնդելու նպատակով, արտաքին գործոց նախարարը արտասովոր քայլի մը դիմեց՝ Օգոստոս 28ին մասնակցելով նախագահ Էրտողանի երդմնակալութեան արարողութեան, որպէսզի անոր յանձնէ նախագահ Սարգսեանի պաշտօնական հրաւէրը:
Նալբանդեան այցելեց Անգարա անմիջապէս, երբ Էրտողան վիրաւորած էր հայերը, թրքական հեռատեսիլէն բողոքելով, որ ոմանք զինք վրացի անուանած են եւ «նոյնիսկ աւելի վատ, զիս հայ անուանած են»:
Ես լուրջ կասկածներ ունիմ, որ Էրտողան կը յայտնուի Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Եթէ ան չգայ, ապա հայ պաշտօնատարները կրնան ուրախանալ, որ իրենց հնարքը յաջողեցաւ՝ Էրտողանը ցոյց տալով իբրեւ խափանարար: Սակայն, ի՞նչ կը պատահի, եթէ յանկարծ Թուրքիոյ նախագահը իսկապէս ժամանէ Հայաստան 2015ի Ապրիլ 24ին: Էրտողան կրնայ շատ արտառոց բաներ ըսել ու ընել, սակայն ան խորամանկ քաղաքական գործիչ է եւ կրնայ դիւրաւ խոյս տալ հայկական ծուղակէն ու զայն օգտագործել ի շահ իրեն: Էրտողան կրնայ այցելել Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիր Երեւանի մէջ եւ յայտարարել, որ եկած է Առաջին Համաշխարհային պատերազմի բոլոր զոհերուն «ցաւը կիսելու», ներառեալ՝ թուրքերու եւ հայերու: Անիկա շատ յաջող քարոզչական քայլ կ՛ըլլայ Էրտողանի համար…
Դեռ անցեալ շաբաթ, Ատրպէյճան կատարած այցելութեան ընթացքին, նախագահ Էրտողան կոշտ դիրքորոշում դրսեւորեց Հայաստանի հանդէպ: Ան Ալիեւին ըսաւ (արդէն հազարերորդ անգամն ըլլալով), որ Թուրքիան Հայաստանի հետ իր սահմանը պիտի չբանայ, այնքան ատեն, որ վերջինս դուրս չէ ելած Արցախէն: Նորանշանակ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու եւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու եւս նմանատիպ կտրուկ հակահայկական ելոյթներ ունեցան: Իր հերթին նախագահ Ալիեւ խոստացաւ աջակցիլ Թուրքիոյ՝ «յօրինուած Հայոց Ցեղասպանութեան բացայայտման գործին մէջ»:
Պարզ է, որ Թուրքիան եւ Ատրպէյճանը կը սաստկացնեն իրենց հակահայ յայտարարութիւնները եւ համատեղ ջանքերը ընդդէմ Հայաստանի, հաշտեցում որոնելու փոխարէն: Ստեղծուած իրավիճակին մէջ, Հայաստան պէտք է համարժէք կոշտ դիրքորոշում որդեգրէ թրքական երկու թշնամական պետութիւններուն հանդէպ՝ սկսած Հայաստանի ստորագրութիւնը հայ-թրքական արձանագրութիւններէն անյապաղ վերցնելէն:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը