
ՖՐԵԶՆՕ.- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 5ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ժամանեց Ֆրեզնօ, ուր նախագահեց Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ նորակերտ շրջափակի բացման արարողութեան ու կատարեց հոն կանգնած նոր խաչքարին օրհնութիւնը։ Այս նոր բաժինը ձօնուած է եկեղեցւոյ շէնքի 100ամեակին, զոր Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ ծխական ընտանիքը այս տարի կը տօնախմբէ յատուկ կարեւորութեամբ ու մէկէ աւելի ձեռնարկներով:
Առաջնորդ սրբազան հօր ընկերացաւ Պօղոս աբղ. Թինքճեան։ Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեան եւ ժողովականութեան ներկայացուցիչները դիմաւորեցին առաջնորդը եւ մասնակից եղան արարողութեանց: Ներկայ էր Ազգ. վարչութեան անդամ Մարք սրկ. Շիրին։
Տէրունական աղօթքէն ետք, սրբազան հայրն ու տէր եւ տիկին Ռենտի եւ Սիւզի Փառնակեանները մուտքի ժապաւէնը կտրեցին, ապա եկեղեցւոյ երգչախումբին առաջնորդութեամբ եւ ներկաներուն մասնակցութեամբ՝ «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ ուղղուեցան դէպի խաչքար:
Նշենք, որ նորակառոյց բաժինի կեդրոնը, յատակին, նկարուած է հայկական յաւերժութեան նշանը:
Հոգաբարձութեան ատենապետ Վարուժան Տէր Սիմոնեան եւ Ռենտի Փառնակեան քօղազերծեցին խաչքարը, որուն օրհնութիւնը կատարեց սրբազանը՝ Աւետարանի ընթերցումով ու աղօթքներով: Երգչախումբը, մասնակցութեամբ ներկայ հաւատացեալներուն, երգեց «Կիլիկիա»ն ու Հայաստանի քայլերգը։
Յայտնենք, որ խաչքարը կանգնած է բարերարութեամբ եկեղեցւոյ հաւատացեալ անդամներէն Փեթ Սեւոյեանի։ Խաչքարը զետեղելն ու անոր վրայ զետեղուած քանդակներու գծանկարները յղացքն են եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան ատենապետին, գործակցութեամբ՝ Արմէն Դաւթեանի: Անիկա Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ համար պատրաստուած է Արցախի մէջ ու ձեռարկերտն է արուեստագէտ Յովհաննէս Մկրտչեանի:
Առաջնորդ սրբազանը զայն կոչեց «Վերածննդեան Խաչքար»: Անիկա քանդակուած է իւրայատուկ ձեւով. անոր մէկ երեսին քանդակուած է աւանդական պատկերով խաչքար մը՝ իբրեւ խորհրդանիշ մեր հաւատքին, երկրորդ երեսին քանդակուած են մեր Այբուբենը, Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի քանդակը, իսկ ճակատին՝ հայերէնի թարգմանուած Սուրբ Գրային առաջին նախադասութիւնը՝ «Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ». այս երեսը կը խորհրդանշէ մեր մշակոյթը:
Առաջնորդ սրբազանը գոհունակութեան եւ շնորհաւորութեան խօսք ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն՝ նշելով, որ եկեղեցւոյ պատմական շէնքին 100ամեակը գեղեցիկ յուշեր կ՛արթնցնէ բոլորիս մէջ: «Այս եկեղեցւոյ կառուցումէն ի վեր ու տասնամեակներ շարունակ, Ֆրեզնոյի մեր ծխական համայնքը հպարտութեան բազմաթիւ առիթներ ստեղծած է մեր համայնքի կեանքին մէջ, իսկ այս խաչքարը կը հանդիսանայ նորագոյն վկայութիւնը», ըսաւ առաջնորդը: Ան շնորհաւորեց եկեղեցւոյ հովիւը, հոգաբարձութիւնն ու ծառայողները, օրհնեց եկեղեցւոյ ու նոր խաչքարի կառուցման մէջ երախտիք ունեցողները՝ մաղթելով, որ անոնք շարունակեն իբրեւ ներշնչման աղբիւր եւ փարոս ծառայել յատկապէս նոր սերունդներուն համար, իբրեւ պահապան ու խորհրդանիշ մեր հաւատքին, լեզուին, մշակոյթին, ազգային արժէքներուն ու աւանդներուն:
Ապա խօսք առաւ Վարուժան Տէր Սիմոնեան, որ նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Փառնակեան, Չաքալոզեան, Քազարեան, Սահաթճեան եւ Շամշոյեան ընտանիքներուն, որոնց նուիրատուութեանց շնորհիւ կարելի եղած էր իրագործել շրջափակի նորոգութիւնը։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին սոյն ծրագիրի յաջողութեան։
Այնուհետեւ, ներկաները մուտք գործեցին եկեղեցի, որ վերջերս բարեզարդումի ենթարկուած էր եւ օժտուած նոր երգեհոնով մը: Ողջոյնի խօսք արտասանեց Վարուժան Տէր Սիմոնեան: Առաջնորդ սրբազանը արտասանեց սրտի խօսք մը՝ գնահատանք արձանագրելով եկեղեցւոյ 100ամեակին առիթով մշակուած ծրագիրներուն ու իրագործումներուն համար: Դարաւոր կամարներուն տակ տեղի ունեցաւ երաժշտական համերգ՝ կատարողութեամբ երգեհոնահար Թոնի Իմփրեթրիսի, որ ներկայացուց կտորներ Պախէն, Գալֆայեանէն, Մասքանիէն եւ Ուիտորէն: Աւարտին, ներկաները հիւրասիրուեցան եկեղեցւոյ սրահին մէջ։