– Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 19ին, Սուրիոյ սահմանակից Արսալի մէջ լիբանանեան բանակի փոխադրատար մը հրթիռարձակումի թիրախ դարձաւ. իբրեւ հետեւանք՝ սպաննուած են երկու բանակայիններ եւ վիրաւորուած են չորս ուրիշներ: Աւելի ուշ, շրջանին մէջ բախումներ արձանագրուեցան լիբանանեան բանակին եւ ահաբեկիչներուն միջեւ։
– Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլուտ Չաւուշօղլու յայտնած է, որ Իրաքի եւ շրջանի կայունութեան համար, իրաքեան կառավարութիւնը պէտք է որդեգրէ իրաքցի ժողովուրդի բոլոր հատուածները ներառող գործելաոճ մը: Ան «Թուիթըր»ի վրայ նաեւ գրած է. «Շրջանին մէջ ապահովական հարցերու լուծումը կարելի է միայն, երբ հարցերը ստեղծող գլխաւոր պատճառներուն վերջ տրուին։ Իրաքն ու շրջանը չեն կրնար կայունանալ, այնքան ատեն, որ արիւնաթաթախ ձեռքերով վարչակարգը իշխանութեան վրայ կը մնայ Սուրիոյ մէջ»:
– «Newsgeorgia.ru» կայքը կը հաղորդէ, որ Վրաստանի վարչապետ Իրաքլի Ղարիպաշվիլի Վատիկանի արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք արք. Մամպերթիի հետ հանդիպման ընթացքին փափաք յայտնած է, որ Ֆրանսիս պապը Վրաստան այցելէ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.