ԴԱՄԱՍԿՈՍ, «Ռոյթըրզ».- Քիւրտ մարտական պատասխանատու մը Սեպտեմբեր 18ին հաստատեց, որ Սուրիոյ քիւրտերը շրջանին մէջ քրտական կուսակցութիւններէն օգնութիւն խնդրած են՝ ետ մղելու համար հիւսիսային Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութեան» յառաջխաղացքը: Ան յայտնեց, որ իսլամ ծայրայեղականները հիւսիսային Սուրիոյ մէջ 16 քրտական գիւղեր գրաւած են, իսկ Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը աելցուց, որ Հալէպի հիւսիսարեւելքը գտնուող տարածքին մէջ 21 այլ գիւղեր գրաւուած են ծայրայեղականներուն կողմէ:
Քրտական պաշտպանութեան ուժերու բանբեր Փոլատ Ճան յայտարարեց, որ թրքական իշխանութիւնները հիւսիսային Սուրիոյ Թել Ապիատ շրջանին մէջ կը զինեն իսլամ ծայրայեղականները: Ըստ «Արապիա»ի՝ գրաւուած գիւղերու հազարաւոր բնակիչներ Թուրքիա գաղթած են:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տունն ու Ծերակոյտը վաւերացուցին Սուրիոյ «չափաւորական ընդդիմութիւնը» մարզելու եւ սպառազինելու միտող բանաձեւը։
Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Սուրիոյ իշխանութիւնները «կորսնցուցած են իրենց օրինականութիւնը» ու այդ պատճառով ալ, Ուաշինկթըն չի պատրաստուիր իսլամ ծայրայեղականներու դիրքերուն օդային հարուածներ հասցնելու համար արտօնութիւն խնդրելու Դամասկոսէն:
Միւս կողմէ, Սուրիոյ խորհրդարանը առաջարկած է ամերիկացիներու հետ բանակցիլ՝ իսլամ ծայրայեղականներուն դէմ պայքարելու համագործակցութեան շուրջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.