ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 19ին, լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ Ազգային ժողովի չորս ընդդիմադիր խմբաւորումներու ներկայացուցիչներու վերջին նիստին յստակ դարձաւ, որ սահմանադրական փոփոխութիւններու հարցով կայ առանցքային խնդիր: Այսուհանդերձ, որոշուեցաւ, որ միւս բոլոր հարցերուն գծով համագործակցութիւնը պիտի շարունակուի եւ առաւելագոյնս պէտք է անկեղծ ըլլալ իրար նկատմամբ:
Անդրադառնալով այն փաստին, որ որոշ լրատուամիջոցներ կը փորձեն Հոկտեմբեր 10ի հանրահաւաքին ՀՅԴի չմասնակցելու որոշումէն ետք պիտակաւորել Դաշնակցութիւնը, Աղուան Վարդանեան յայտնեց, որ նման բան սպասելի էր:
«Այդ քայլն անելուց յետոյ գիտակցում էինք, որ կը լինեն այդ կարգի արձագանգներ, բայց մենք վստահ ենք մեր որոշումներում, հակառակ դէպքում, եթէ տրուէինք տարբեր արձագանգներին, ապա կը լինէինք մէկ այլ բան, բայց՝ ոչ պատասխանատուութիւն ունեցող քաղաքական ուժ»: Ինչ կը վերաբերի ՀՅԴն յիշեալ որոշման յանգեցնող պատճառներուն, ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղարը նշեց, որ հանրահաւաքին ընթացքին կարելի չէր շրջանցել սահմանադրական բարեփոխումներու հարցը, որուն վերաբերեալ քառեակի միւս ուժերուն հետ իրենց կարծիքները նոյնը չեն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.