
ԵՐԵՒԱՆ.- Հայաստան-Սփիւռք 5րդ համաժողովի մեկնարկէն ետք, լրագրողներ մօտեցած են ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանին եւ հարց տուած սահմանադրական փոփոխութիւններուն վերաբերեալ Դաշնակցութեան կեցուածքին մասին:
Մարգարեան եւս մէկ անգամ ընդգծեց, որ ՀՅԴն, ի հարկէ, կողմ է սահմանադրական փոփոխութիւններուն: Այսօր պատմական առիթ կայ՝ երկիրը դնելու ճիշդ ուղիի վրայ, եւ ափսոս է, որ կորսնցնենք այդ առիթը, յայտարարած է Մարգարեան:
«Նրանք, ովքեր ցաւում են Հայաստանի համար, չեն կարող կողմնակից չլինել սահմանադրական փոփոխութիւններին: Փոփոխութիւնների վերաբերեալ մենք մեր պատկերացումներն ունենք, որի համար պայքարելու ենք», յայտարարեց Մարգարեան եւ յոյս յայտնեց, որ Դաշնակցութիւնը պիտի կարենայ իշխանութեան պարտադրել այդ փոփոխութիւնները:
Լրագրողներու այն նկատառումին, որ սահմանադրական փոփոխութիւններով իշխանութիւնները նպատակ ունին վերարտադրուելու, Մարգարեան նշեց, որ ամբողջ զաւեշտն այն է, որ իշխանութիւնները վերարտադրուած են ճիշդ այս գործող Սահմանադրութեամբ:
«Այս գործող Սահմանադրութեամբ չե՞ն վերարտադրուել, ուրեմն ինչպէ՞ս կարելի է ասել՝ Սահմանադրութիւնը փոխում են, որ վերարտադրուեն: Հակառակը՝ Սահմանադրութիւնը փոխելով՝ կանխուելու է իշխանութեան վերարտադրութիւնը, որեւէ մէկն այս երկրի մէջ չպէտք է կարողանայ ստեղծել անձի իշխանութիւն: Միայն համակարգային փոփոխութիւնը կարող է մեր երկրում իրական ժողովրդավարութիւն բերել», ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչը:
Լրագրողներու խնդրանքով անդ-րադառնալով երեք ոչ իշխանական ուժերու դիրքորոշման՝ սահմանադրական բարեփոխումներու վերաբերեալ, Մարգարեան ընդգծեց, որ քանի մը տարի առաջ անոնք ալ համաձայն էին սահմանադրական փոփոխութիւններուն:
«Որոշները կարծում են, որ երկրում կարող են ստեղծել անձի իշխանութիւն, բայց այս երկիրը էլ չի կարող շալակել նման բան: Հաւանական են համարում նախագահի ընտրութիւնների ժամանակ նախագահ դառնալ, Սերժը փոխարինուի մէկ ուրիշ Սերժով, բայց երկրում ոչինչ չի փոխուի: Երկրում պէտք են համակարգային փոփոխութիւններ», եզրակացուց Մարգարեան: