Շաբաթ, Սեպտեմբեր 20ին Լոնտոնի Ս. Եղիշէ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր երեկոյ՝ նուիրուած Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 23րդ տարեդարձին: Ձեռնարկը կազմակերպած էր Բրիտանահայ համայնքային խորհուրդը՝ ՀՀ դեսպանութեան հովանաւորութեամբ:
Ելոյթ ունեցան Բրիտանահայ համայնքային խորհուրդի ատենապետ Արա Փալամուտեան եւ ՀՀ դեսպանութեան խորհրդական Արա Մարգարեան, որ ընթերցեց դեսպան Արմէն Սարգսեանի ողջոյնի խօսքը՝ ուղղուած հանդիսութեան մասնակիցներուն:
Ապա տեղի ունեցաւ համերգ մը, որուն հրաւիրուած էր յայտնի երգչուհի Ալլա Լեւոնեան: Ելոյթ ունեցաւ նաեւ համայնքային «Աղթամար» պարախումբը:
Երեկոյին մասնակցեցան հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներ եւ այլ հիւրեր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.