

Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) 95րդ տարեժողովը այս տարի պիտի գումարուի Շաբաթ, Հոկտեմբեր 18ին, առաւօտեան ժամը 9:30ին, ընկերակցութեան կեդրոնատեղիին մէջ, 31 West Century Road, Paramus, NJ: Ներկաները առիթը պիտի ունենան քննարկելու ընկերակցութեան անցնող տարեշրջանի գործունէութիւնները, ինչպէս նաեւ անոր ելեւմտական տեղեկագիրը:
Ընկերակցութեան տարեժողովին համընթաց տեղի պիտի ունենան նաեւ Հայ աւետարանական համաշխարհային խորհուրդի ժողովները, Հինգշաբթի եւ Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 16-17 օրերուն, ինչպէս նաեւ Աւետարանչական ընկերակցութեան Վարչական խորհուրդի նիստը՝ Ուրբաթ երեկոյեան, որուն ընթացքին Վարչական խորհուրդի անդամները պիտի սերտեն ընկերակցութեան գործունէութիւնը եւ խորհրդակցին ապագայ ծրագիրներուն մասին:
Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան 95րդ տարեժողովի ճաշկերոյթը տեղի պիտի ունենայ Շաբաթ երեկոյ, «Տապըլ Թրի Էթ Հիլթըն» (Double Tree at Hilton) պանդոկի սրահին մէջ, 2117 Route 4 East, Fort Lee, NJ:
Ճաշկերոյթի պատգամաբերը պիտի ըլլայ վեր. Ճորճ Ռ. Քերի՝ Երիցական աւետարանական եկեղեցիներու «Ուըրլտ Աութրի»չ (World Outreach) բաժանմունքի ընդհանուր տնօրէնը:
Ճաշկերոյթին ընթացքին ելոյթ պիտի ունենայ նաեւ երգչուհի Շուշիկ Պարսումեան, որ 2010էն ի վեր իր օփերայի եւ համոյթային երգացանկով հանդէս եկած է Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոպայի բեմերէն։
Տարեկան համաժողովի պաշտամունքը տեղի պիտի ունենայ Կիրակի, Հոկտեմբեր 19ի առաւօտուն, Փըրեմըսի (Նիւ Ճըրզի) Հայ երիցական եկեղեցիին մէջ:
Պաշտամունքի աւարտին տեղի պիտի ունենայ նաեւ Վարչական խորհուրդի նոր անդամներու պաշտօնակոչութեան արարողութիւնը:
Անոնք, որոնք կը փափաքին ներկայ գտնուիլ 95րդ տարեժողովի ճաշկերոյթին, կրնան կապ հաստատել ԱՀԱԸի կեդրոնատեղիին հետ, հեռաձայնելով (201) 265-2607:
Ամերիկայի հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը հիմնադրուած է 1918ին, որպէս Քրիստոնէական կազմակերպութիւն, իր ծառայութիւնները մատուցանելու բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիքը ունին՝ առանց խտրութեան: ԱՀԱԸը իր այս համաշխարհային առաքելութիւնը կ՛իրականացնէ պահպանելով շարք մը կրթական, աւետարանչական եւ ընկերային ծառայութիւններ հայրենիքի եւ արտերկրի քսաներեք տարբեր երկիրներու մէջ:
Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել ԱՀԱԸի կայքը՝ www.amaa.org, կամ ուղղակի կապ հաստատել ԱՀԱԸի կեդրոնին հետ՝ 31 West Century Road, Paramus, NJ 07652, հեռ.՝ (201) 265-2607, ե-նամակ՝ info@amaa.org։