ԳՐԻԳՈՐ ԵՊՍ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Իմացապէս եւ երբեմն ալ ֆիզիքապէս տկարները ոտնահարելու եւ անոնց կրօնական ու հոգեւոր ապրումները շահագործելու միջոցներ դարձեր են «աստուածային տեսիլք»ները կամ անիմանալի երեւոյթները բացատրելու կեղծ մասնագիտութեամբ փերեզակներու բախտախնդիր մեկնաբանութիւններն ու հարկ եղած պարագային՝ անոնց գուշակած երկնային սարսափազդու պատուհասները:
Տկարները աքացելու այս «հոգեւոր» խթանները Աստուծոյ երկիւղն ալ չունին իրենց ներսիդին, որով կարենան զսպել իրենց ներքին ձգտումները, մանաւանդ տեսնելով մարդոց բարի ու հաւատարիմ մօտեցումը աստուածային պատուիրաններուն ու Աստուածաշունչի ուսուցումներուն: Աշխարհը դէպի անդունդ ու մարդկութիւնը դէպի չարը թեքուելու ներկայ ժամանակներուն զարմանալի երեւոյթ է, որ տակաւին ոմանց մօտ այնքան միամիտ ու կոյր հաւատք գոյութիւն ունի, զոր կարելի է նոյնիսկ պահ մը շփոթել նախապաշարումներու դարաշրջանին ապրած մարդոց անգիտակից ու կոյր հաւատքին հետ:
Շատ են Կենաց Բանի քարոզիչ համարուող եւ խօսքի դիմակաւոր վարպետներ, որոնք գիտեն լաւապէս որսալ փորձութեան մէջ ինկած, ինկող եւ իյնալու վրայ եղող անձերը: Անոնք լաւ սորված են նաեւ «օրօրել»ու արուեստը: Տեսնուած է, թէ ինչպէս հանրային պարտէզներու կամ տան շրջափակի ծառէն կախուած երկու չուաններով կազմուած օրօրոցին մէջ նստած մանուկները երանական պահեր կ՛ապրին, երբ զիրենք օրօրելու համար իրենց ետին կանգնած ըլլայ հարազատ մը: Հազիւ ընթացքը դանդաղի, երեխաները կը պահանջեն որ զիրենք զբօսնելու տարած մեծերը վերսկսին օրօրելու: Օրօրողին եւ օրօրուողին այնպէս կը թուայ, թէ այդ ընթացքը վերջ պիտի չունենայ: Այս պարագային, անշուշտ, մէկը կը ձանձրանայ, իսկ միւսը՝ ընդհակառակն, կը հաճոյանայ:
Վերոյիշեալ դիմակաւոր վարպետները, սակայն, գիտնալով որ «օրօրուող»ները կը հաճոյանան օրօրուելէն, անընդհատ կը շարունակեն «օրօրել» իրենց անմեղ «մանուկներ»ը, մինչեւ որ անոնք գլխապտոյտ ստանալով փաթթուին իրենց վիզին, իբրեւ ամէնէն վստահելի անձեր…
Անգամ մը որ անոնք իյնան նման բազուկներու մէջ, ալ անկէ ետք կը սկսի արջու ողջագուրումը, որ ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ՝ փաթթուելով խեղդել ու սպաննել իր ձագերը… Ալ ի զո՜ւր անոնք պիտի պոռան ու ճչան ազատուելու համար, որովհետեւ այն երազները, որոնք փայփայած էին երկա՜ր տարիներ իրենց հոգեւոր ապրումներով ու կրօնական բիւրեղ զգացումներով, պարզապէս թեւաբեկ պիտի իյնան սալայատակին, պատրանաթափումի ամէնէն վատ զգացողութեան ընկերացած:
Խօսքի վարպետներուն «շոյող» ափերու քնքշանքին ներքեւ պարտադրուող անուշ քունը պատճառ կը դառնայ նաեւ երազներ տեսնելու, որոնք լաւագոյն առիթները կը հանդիսանան խօսքի վարպետներուն համար շարունակելու սկսուած կատակերգութիւնը, համոզելով հիփնոսացած ողորմելիները, որ հաւատան իրենց կողմէ տրուող բոլոր սնամէջ մեկնաբանութիւններուն, նոյնիսկ եթէ բացայայտօրէն անտրամաբանական թուան անոնք: Ենթականերուն ընդարմացած ջիղերը այլեւս չեն ունենար բաւարար ուժն ու դիմադրողականութիւն, վանելու քունը կամ լայն բանալու աչքերն ու ականջները եւ զգալու այն խեղկատակ արարները, որոնք կը բեմադրուին իրենց համար, խօսքի վարպետներու դիւթիչ կախարդանքով:
Վերջապէս, ամէնէն հեգնականը, մեկնաբանուող երազներու եւ սխալ անուանումով՝ «տեսիլք»ներու նիւթը կամ բովանդակութիւնն են, որոնք արմատականօրէն չար են եւ մարդոց կեանքին համար միշտ չարիք մաղթող: Այսպէս, օրինակ, «տեսիլք»ի ճամբով անմիտի մը կը յայտնուի թէ՝ մէկը հրապարակային հանդիսութեան մը ընթացքին պիտի տապալի ու գետին փռուի զգայազիրկ: Բախտախնդիր մեծխօսիկը իմանալով յայտնուած «տեսիլք»ին բովանդակութիւնը, ո՛չ միայն իր սեփական միտքին մէջ, այլ նաեւ «տեսիլք»ը ունեցող պարզամիտին ենթագիտակիցին մէջ կը սկսի օր աւուր սնուցանելու «գալիք»ը, որ ըստ իրեն պէտք է իրականացումը ըլլայ «տեսիլք»ով յայտնուածին: Ուրեմն, այնուհետեւ ամէն անգամ երբ առիթը ներկայանայ, չարանենգ մեկնաբանը չի՛ դադրիր ջուր լեցնելէ իր եղերական խարխուլ ջաղացքին, մէկ կողմէ անոր ջուրի կլկլոցով քնացնելու «յայտնութիւն»ը ունեցողը, միւս կողմէ ծրագրելով նոյն ջուրին մէջ խեղդամահ ընել «տեսիլք»ի ենթական, որ թերեւս ամենեւին վտանգ ալ չ՛ըսպառնար իրեն:
Աստուածային պատուհասը երբեմն զարմանալիօրէն կ՛ուշանայ անոնց համար, որոնք մանաւանդ Իր անունով բարձրաձայն սուտ կը խօսին: Մարդոց անունով, կամ անոնց փոխարէն, նոյնիսկ զանոնք պաշտպանելու համար սուտ խօսողները աւելի նուազ մեղաւորներ են, քան անոնք, որոնք Աստուծոյ անունով օր ցերեկով սուտ կը խօսին:
Վերոյիշեալ «տեսիլք»ները, «Աստուածային Տեսիլք» կոչելու յանդգնութիւն ունեցողները, իրենց ներկայացուցած ձիւթավառ գեհենին մէջ առաջին անգամ նետուելիքներու ցուցակին պէտք է արձանագրել: Յայտնուած «տեսիլք»ին նենգամիտ փոփոխութիւնը կատարել քմահաճ մեկնաբանութեամբ եւ զայն ճիւաղային ծրագիրներով իր աւարտին հասցնելու ուղեգիծը պատրաստելը ինչպիսի՞ «տեսիլք» կարելի է կոչել, եթէ ոչ՝ դիւային տեսիլք, բառին վաւերական ու ամէնէն հարազատ իմաստով…
Դիւային մտածումները, դեւերու միտքին մէջ ծնունդ կ՛առնեն: Իսկ դեւերը երկրի ընդերքին կամ բոցկլտացող կրակներու մէջ պէտք չէ՛ փնտռել. անոնք շատ իրական են ու կը շրջագային մեր շուրջ՝ ամէնուրեք: Երբ մէկը «Աստուածային Տեսիլք»ը դիւային մտածումով կը յաջողի այլափոխել, ուրեմն նաեւ կրնայ աղօթքը կախարդութեան ու եկեղեցին դժոխքի վերածել, կործանելով հաւատքի ընդհանրական հիմունքը:
Փորձութեան ուրուականներ են ասոնք, մեր կեանքի խաչմերուկներուն վրայ դաշոյնի պէս մեր դիմաց ցցուող: Պէտք է ամէն գնով հալածել այդ ուրուականները, այլապէս արհամարհելի այդ փոքր կայծերը շուտով կրակ կը դառնան ու տառապանքի կաթսային տակը կը վառեն, համայն մարդկութիւնը անոր մէջ ձէթի պէս եռացնելով:
Բնա՛ւ արդար չէ՛, որ նման խեղճութիւններ շահագործեն Աստուածաշնչական սրբափայլ դէմքերու եւ եկեղեցւոյ լուսերամ հայրերու տեսանելու շնորհքը, անոնց կարողութենէն բաժին մը ունենալ դաւանելով անմտօրէն…