
ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Քաղաքական մեկնաբաններ եւ Թուրքիոյ խորհրդարանի անդամ քիւրտ երեսփոխաններ կը յայտնեն, թէ Սուրիոյ քրտական շրջաններուն վրայ իսլամ ծայրայեղականներու վերջին յարձակումները, այդ ծայրայեղականներուն հետ Թուրքիոյ իշխանութեանց կապերը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ քրտական տագնապը լուծելու նպատակով սկսած հաշտութեան գործընթացին նկատմամբ Անգարայի ցուցաբերած անլուրջ վերաբերմունքը կրնան ձախողութեան մատնել այդ գործընթացը։
Հակառակ լարուածութիւնը մեղմացնելու նպատակով քրտամէտ Ժողովրդային ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան ջանքերուն, այս շաբթուան ընթացքին սպառնական յայտարարութիւն մը կատարած էր հիւսիսային Իրաք ապաստանած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներու ղեկավար Մուրատ Քարայիլանը՝ նշելով, որ Անգարայի քայլերը կրնան պատճառ դառնալ, որ քրտական կազմակերպութեան հռչակած զինադադարին վերջ դրուի։
Միւս կողմէ, Թուրքիոյ քրտաբնակ շարք մը շրջաններու մէջ ցոյցեր տեղի ունեցած են, դատապարտելու համար իսլամ ծայրայեղականներուն նեցուկ կանգնելու Անգարայի կեցուածքը։
Սուրիոյ մէջ, Ամերիկայի գլխաւորած դաշնակից ուժերու օդանաւեր Ուրբաթ օր ռմբակոծած են Սուրիոյ հիւսիսարեւելեան շրջանը գտնուող թիրախներ, սակայն քրտական աղբիւրներ հաղորդած են, թէ կարելի չէ եղած Քոպանիի շուրջ իսլամ ծայրայեղականներու պաշարման օղակը ճեղքել: Օդանաւերը դարձեալ ռմբակոծած են գրաւուած քարիւղի ենթակառոյցները, որոնք ահաբեկիչներուն եկամուտի գլխաւոր աղբիւրը կը հանդիսանան։
Ռմբակոծուած են նաեւ ծայրայեղականներու՝ Իրաքի մէջ գտնուող դիրքերը։
Նաեւ, Բրիտանիոյ խորհրդարանը Ուրբաթ օր, 43ի դէմ 542 քուէով, արտօնութիւն տուաւ կառավարութեան միանալու «Իսլամական պետութիւն» խմբաւորման դէմ կազմուող միջազգային դաշինքին։