
ՓԻՔՕ ՌԻՎԵՐԱ.- Երկուշաբթի, Օգոստոս 25ը Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի վերամուտի օրն էր։ Աշակերտները վառ ժպիտով եւ լուսաշող դէմքերով ներկայացան իրենց սիրելի կրթութեան օճախը՝ Մեսրոպեան Ազգ. վարժարան, հանդիպելու համար իրենց հին ու նոր դասընկերներուն եւ ուսուցիչներուն, ինչպէս նաեւ մուտք գործելու իրենց նոր դասարանները՝ կերտելու համար ուսումնական բեղուն ու արդիւնաբեր տարեշրջան մը։
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան, ինչպէս նաեւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան, Խորէն քհնյ. Պապօշեան եւ Բաբգէն քհնյ. Մանուէլեան։
Բացման հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ Ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինի ներկայացուցիչ Քրիս Քէօսեան, ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան ներկայացուցիչներ Գրիգոր Յովհաննէսեան եւ Ստեփան Մակտեսեան, Ս. Խաչ տաճարի հոգաբարձուներէն Շիրազ Սաւոյեան, Պերճ Պապիկեան, Բեկի Պաղրիկեան, Հրաչ Արեզույեան, Ֆրանք Թապպախ, յարգարժան դաստիարակներ Խաթուն եւ Ռուպինա Բագրատունիներ, ՀՕՄի եւ ՀՄԸՄի ներկայացուցիչներ, դպրոցի գրասեանեակի անդամներ, ուսուցչական կազմ, ծնողներ, մեծ ծնողներ, գաղութի անդամներ, բարերարներ եւ հարազատներ։
Հանդիսութեան բացումը կատարեց վարժարանի տնօրէն Դաւիթ Ղուկասեան, որ 2014-2015 տարեշրջանի սեմին ջերմօրէն ողջունեց աշակերտներն ու ներկաները՝ մաղթելով արդիւնաւէտ ու յաջողութիւններով լի ուսումնական տարեշրջան մը։
Այնուհետեւ, տնօրէն Ղուկասեան բեմ հրաւիրեց Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը, որ կատարեց բացման աղօթքը։ Հաւաքական Տէրունական աղօթքի երգեցողութենէն ետք, ներկաները հայր Միւռոնի առաջնորդութեամբ արտասանեցին «Իմաստութիւն Հօր Յիսուս»ը։
Ապա տնօրէն Ղուկասեան բեմ հրաւիրեց արժանապատիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեանը, որ ընթերցեց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի վերամուտի պատգամը, որ կը շեշտէր Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը ոգեկոչելու եւ մեր նահատակներու յիշատակը յարգելու կարեւորութիւնը։ Եղեռնի հարիւրամեակի շեմին, արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեան կ՛ընդգծէր, թէ հայ ժողովուրդը պէտք չէ միայն սգայ մարդկային ու նիւթական կորուստները, այլ հաստատօրէն պահանջատէր մնայ եւ ջանք չխնայէ հայապահպանման ճիշդ ուղիին վրայ մնալու համար։ Պատգամին ընդմէջէն, սրբազան հայրը կը բացայայտէր. «Սիրելի աշակերտներ, վստահ եմ, որ կարօտով վերադարձած էք դպրոց, դարձեալ ձեր ընկերներուն եւ ուսուցիչներուն հետ էք եւ պատրաստ՝ ձեր միտքերն ու հոգիները աւելի եւս հարստացնելու գիտակցութեամբ ու մարդկային ազնիւ զգացումներով։ Թող Աստուած օրհնէ հայ դպրոցի մեծ ընտանիքը եւ բոլորիս ընծայէ մեր առաքինութիւնը շարունակելու առիթներ։ Յաջողութիւն ձեզի, Աստուած պահէ եւ պահպանէ բոլորդ»։
Այնուհետեւ, խօսք առաւ աշակերտական խորհուրդի նախագահ Քնար Պաղտասարեանը, որ երկլեզու պատգամով բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, մանաւանդ նոր ծնողներուն ու նոր աշակերտներուն, որոնք այս տարի մաս կը կազմեն «Մեսրոպեան»ի մեծ ընտանիքին, եւ կոչ ըրաւ նոր թափով սկսելու արկածախնդրական ուսումնական բեղուն տարեշրջան մը։
Ապա, տնօրէն Ղուկասեան բեմ հրաւիրեց Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը, որ իր պատգամով թելադրեց. «Մէկ բան պէտք է իմանանք. եթէ մենք պիտի յաղթենք, եթէ մենք մեր իրաւունքներուն պիտի տիրանանք, եթէ մենք մեր բռնագրաւուած վանքերը, եկեղեցիներն ու դպրոցները պիտի առնենք, այդ պայքարը կը սկսի մեր դասարաններէն։ Մեր գրասեղաններէն կը սկսի պայքարը հայանալու, հայօրէն մտածելու եւ հայօրէն պայքարելու»։ Հայր Միւռոն շարունակեց ըսելով, թէ հայ դպրոցը միայն ուսում, գիտութիւն եւ դաստիարակութիւն ջամբելու օճախ չէ, այլ՝ հայապահանման, ազգային ինքնաճանաչման ու հայեցի պատկանելիութիւն կերտելու կեդրոն։
Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ «Պահպանի»չով, որմէ ետք ուսումնատենչ աշակերտները հաստատ քայլերով ուղղուեցան իրենց դասարանները, սկսելու համար իրենց կեանքի նոր հանգրուանը, որ լի է յոյսերով, նոր գիտելիքներով ու ծրագիրներով, դառնալու համար տիպար հայեր։
Բարի վերամուտ բոլորին։
Նշենք, որ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի «Հայկական Մշակոյթի Օր»ը տեղի պիտի ունենայ Հոկտեմբեր 10ին։