
ՄՈՆԹԵՊԵԼԼՕ.- Սեպտեմբեր 16ին, Մոնթեպելլոյի Ծրագրումի յանձնաժողովը նոր ատենապետ ընտրած է Աշոտ Մուրատեանը։
Մուրատեան երկու տարի առաջ սոյն յանձնաժողովին անդամ նշանակուած էր Մոնթեպելլոյի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Ճեք Հաճինեանի կողմէ, իսկ անկէ առաջ անդամ եղած էր քաղաքի Երթեւեկի ու ապահովութեան յանձնաժողովին։
Մոնթեպելլօ ծնած եւ հասակ նետած Մուրատեանը «Մեսրոպեան»ի շրջանաւարտ է։ Ան գործարարութեան ճիւղին մէջ պսակաւոր արուեստից վկայական ստացած է Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանէն, իսկ իրաւաբանութեան տիտղոսը՝ իրաւագիտութեան «Սաութուեսթ» համալսարանէն, որմէ ետք իրաւաբանութեան ասպարէզ նետուած է 1998ին։
2007էն ի վեր, ան կը պաշտօնավարէ Քալիֆորնիոյ իրաւաբանական միութեան մէջ ու դատավարութեանց բարձարստիճան խորհրդատու մըն է։