
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 24ին, Հայաստանի առողջապահութեան նախարարի տեղակալ Վահան Պօղոսեանի հետ հանդիպման ընթացքին, Լոս Անճելըսի մանկական հիւանդանոցի ակնաբուժական դարմանատան տնօրէն Թամըս Լին յայտնած է, թէ հիւանդանոցը պատրաստ է մանկաբուժութեան վերաբերեալ վերապատրաստման դասընթացքներ անվճար հասանելի դարձնել Հայաստանի Հանրապետութեան մասնագէտներուն:
Թամըս Լին Երեւան այցելած էր ակնաբուժական միջազգային 13րդ համագումարի աշխատանքներուն մասնակցելու նպատակով:
Առողջապահութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ յայտնի ակնաբոյժը փոխնախարարին ներկայացուցած է իրենց հիւանդանոցին մէջ մասնագէտներու կողմէ կատարուող տարբեր վերապատրաստումներու ծրագիր՝ նշելով, որ շարք մը դասընթացքներ թարգմանուած են հայերէն եւ տեղադրուած Հայկական ակնաբուժութեան նախագիծի կայքին վրայ: Հիւանդապահները արդէն իսկ կրնան առցանց եւ անվճար օգտուիլ այդ դասընթացքներէն:
Լին նշած է, որ տպաւորուած է հայ մասնագէտներու պատրաստուածութեան որակով: «Անոնք իրենց գիտելիքներով չեն զիջիր ամերիկեան եւ եւրոպական հիւանդանոցներու բժիշկներուն», ըսած է Լին:
Վահան Պօղոսեան նշած է, որ Հայկական ակնաբուժութեան նախագիծը եւ անոր Մանկական կուրութեան կանխարգիլման եզակի կեդրոնի ստեղծումը պետութեան, միջազգային կառոյցներու, Սփիւռքի եւ մասնաւոր հատուածի համագործակցութեան արդիւնք է: Ան շնորհակալութիւն յայտնած է ամերիկացի մասնագէտին՝ համագործակցութեան առաջարկին համար:
«Նորածինների առողջութեան պահպանումը մեր երկրում պետութեան հոգածութեան ներքոյ է, եւ մենք ձգտում ենք հնարաւոր ամէն ինչ անել, որպէսզի նրանք պետութեան կողմից երաշխաւորուած բարձր որակի բժշկական ծառայութիւններ ստանան», ըսած է փոխնախարարը:
Այնուհետեւ, քննարկուած է Առողջութեան համաշխարհային կազմակերպութեան «Առողջութիւն 2020» ռազմավարական ծրագիրէն բխող՝ Կուրութեան կանխարգիլման ազգային նոր ռազմավարութեան մշակման անհրաժեշտութեան հարցը ու համաձանութիւն գոյացած է այդ ուղղութեամբ համատեղ աշխատանք տանելու կապակցութեամբ: