ԽԱՉԻԿ ՃԱՆՈՅԵԱՆ
Սփիւռքի հայութեան ազգային դիմագիծի պահպանման եւ օտարութեան մէջ հայօրէն ապրելու հոգեկան սնունդի հայթայթման գործին մէջ, անփոխարինելի դեր կատարած են Հայաստանեայց առաքելական եկեղեցին եւ հայ մշակոյթը:
Հաւատքն ու հայ մշակոյթը եղած են մեր ժողովուրդի գոյատեւման եւ պահպանման գլխաւոր ազդակները: Հայը, ո՛ւր գացած է, իր առաջին գործը եղած է հայ եկեղեցի կամ մշակոյթի կեդրոն մը կառուցել: Եկեղեցին մեր հոգեւոր կեանքի աղբիւրն է եւ ազգային տունը՝ միաժամանակ: Եկեղեցին է, որ կը հաւաքէ, կը համախմբէ եւ կը կազմակերպէ հայ ժողովուրդի զաւակները Սփիւռքի մէջ ու անոնց հոգիները կը լեցնէ հաւատքով, յոյսով, հայրենասիրութեամբ ու բարի ծառայութեան ոգիով:
Տասը տարի առաջ, Արեւմտեան թեմի բարեխնամ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի նախաձեռնութեամբ, հիմը դրուեցաւ Լա Քընիատա քաղաքի ծուխին: Ծուխին հովիւ նշանակուեցաւ Թահանկա քաղաքի եկեղեցւոյ կղերական Յովսէփ աւագ քհնյ. Յակոբեան: Նմանապէս, նշանակուեցաւ վարչութիւն մը, որուն ատենապետութիւնը մեզի վստահուեցաւ:
Առաջնորդ հօր ցուցմունքներով եւ իմաստուն ղեկավարութեամբ, հովիւ եւ վարչականներ գործի անցնելով ու ամէն տարի նոր յաջողութիւն մը արձանագրելով՝ կարճ ժամանակի մը մէջ այս ծուխն ու մանաւանդ անոր հովիւը յատուկ տեղ գրաւեցին գաղութիս կեանքին մէջ:
Որպէս աղօթատեղի, վարձուեցաւ Լա Քընիատա քաղաքի քաղաքապետարանի մեծագոյն հանդիսասրահը՝ «Cornishone»ը: Կառուցուեցաւ շարժական խորանը, հրաւիրուեցան դպիրներ, սարկաւագներ՝ սպասարկելու համար Ս. խորանին: Գնուեցան սրբանկարներ: Կազմուեցաւ ծուխի «Ներսէս Շնորհալի» դպրաց դասի երգչախումբը: Կեանքի կոչուեցաւ աշխոյժ տիկնանց յանձնախումբ մը՝ գլխաւորութեամբ Լենա Սիմոնեանի, իր կողքին ունենալով վարչութեան գանձապահը, որ հանգուցեալ Մարալ Ղարիպեան-Սարաֆեանը:
Ունեցանք շաբաթօրեայ եւ կիրակնօրեայ դասընթացքներ: Կազմուեցաւ երիտասարդաց յանձնախումբ: Մեծաշուք հանդիսութեամբ նշուեցան ծուխի տարեդարձները: Ծուխի սարկաւագներէն երկու հոգի քահանայ ձեռնադրուեցան, ինչպէս նաեւ տասնեակ մը սարկաւագներ, կիսասարկաւագներ եւ դպիրներ ձեռնադրուեցան:
Նորակազմ Լա Քընիատայի ծուխը, շնորհիւ տէր Յովսէփին, վարչութեան եւ յարակից մարմիններու բեղմնաւոր աշխատանքին, իր արդիւնաւէտ ներդրումը ունեցաւ թէ՛ թեմական եւ թէ գաղութի կեանքին մէջ: Այցելած ենք «Արարատ Տուն»ի տարեցներուն, օժանդակած ենք գաղութիս քոյր եկեղեցիներուն, դպրոցներուն, նիւթական նպաստ բերած ենք Հայաստանի զանազան ծրագիրներու եւ հաստատութեանց:
Քանի մը տարիներու ծառայութենէն ետք, Թահանկա քաղաքի ծուխը, որ Սեպտեմբեր 1986էն ի վեր հիմնուած էր եւ վարձու եկեղեցւոյ մէջ իր ծառայութիւնները կը մատուցանէր, միացաւ Լա Քընիատայի ծուխին եւ այս երկու ծուխերու միացումով վերանուանուեցաւ Լա Քրեսենթա Հովիտի Ծուխ:
Այս միացումէն ետք, նախ գնուեցաւ փոքրիկ կալուած մը՝ Լա Քրեսենթա քաղաքի Foothill փողոցին վրայ, ուր քանի մը տարի գործելէ ետք, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի կարգադրութեամբ եւ կապերով, գնուեցաւ Թահանկա քաղաքի մեր նոր կալուածը, որուն հասցէն է՝ 10154 Montair, Tujunga, California 91042: Շուրջ մէկուկէս արտավար հողատարածքի վրայ, այժմ ծուխը ունի գեղակերտ եկեղեցի մը, շուրջ 200 հոգինոց սրահ մը, ընդարձակ կանգառ եւ յարակից մասնաբաժիններ ու եկամտաբեր բնակարաններ:
Առաջնորդ սրբազանը նոր եկեղեցիին համար նոր ձեռնադրեալ երիտասարդ հովիւ մը նշանակեց՝ յանձինն Աւետիս քհնյ. Աբովեանի, որ Արեւմտեան թեմէն ներս զանազան պաշտօններ ստանձնած է: Ան նոր աշխուժութիւն բերաւ ու նոր ծրագիրներ մշակեց: Արդէն իսկ գործող մարմիններուն վրայ աւելցան ընտանեկան ամսական խրախճանքներ, Սուրբ Գրոց ուսուցման եւ անգլերէն լեզուի, նկարչութեան, պարախումբի ու քարաթէի դասընթացքներ եկեղեցիէն ներս:
Ժողովուրդը մեծ սիրով եւ ուրախութեամբ եկեղեցի կը յաճախէ եւ կ՛օգտուի այս դասընթացքներէն՝ հոգեկան մեծ բաւարարուածութիւն ստանալով:
Ուրախութեամբ յիշենք, թէ մեր շատ աշխոյժ Շաբաթօրեայ վարժարանը անուանուեցաւ Սփիւռքի մեծանուն եւ վաստակաւոր կրթական մշակ Երուանդ Պապայեանի անունով:
* * *
Շաբաթ, Հոկտեմբեր 25ին, երեկոյեան ժամը 8էն սկսեալ, Կլենտէյլի Central պողոտային վրայ գտնուող «Ֆընիշիա» ճաշարանին մէջ, Արեւմտեան թեմի մեծ ընտանիքը՝ հովանաւորութեամբ թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի, պիտի իրականացնէ իր տարեկան ճաշկերոյթ-խրախճանքը:
Պէտք է յիշել նաեւ, որ ծուխին մէկ մասնիկը հիմնուած է Սեպտեմբեր 1986ին եւ անոր առաջին պատարագը կատարած է նախկին առաջնորդ Վաչէ արք. Յովսէփեանը, Կիրակի, Մայիս 1, 1987ին, Կլենտէյլի Վերտուկօ փողոցին վրայ գտնուող Մեթոտիստ եկեղեցւոյ մէջ:
Ժամանակէն աւելի՝ գո՛րծն է կարեւորը. այսօր ունինք մեր սեփական փառաշուք եկեղեցին, որ կը գործէ եւ պիտի շարունակէ գործել Աստուծոյ փառքին ու ժողովուրդիս պայծառութեան համար:
Այստեղ, կ՛արժէ յաջորդականութեամբ յիշել անունները այս ծուխին ծառայած կղերականներուն.
Հանգուցեալ Կոմիտաս Ա. քհնյ. Շիրինեան, Զաւէն Ա. քհնյ. Տէմիրճեան, Դաւիթ քհնյ. Զելֆէեան, Յովսէփ Ա. քհնյ. Յակոբեան եւ Աւետիս քհնյ. Աբովեան:
Յիշենք նաեւ, թէ մեր ծուխէն ներս բազմաթիւ հիւր կղերականներ Ս. պատարագ մատուցած են ու ժողովուրդին հոգեւոր քարոզներ տուած: Նմանապէս, հայրենիքէն կամ Սփիւռքի մեր գաղութներէն երգիչներ եւ երգչախումբեր հրաւիրած ենք՝ մաս կազմելու ծուխի Ս. պատարագներուն, ինչպիսին էին՝ հանգուցեալ Լուսինէ Զաքարեան, Մարիէտա Անասեան, խմբավար Հենրիկ Անասեան, պոլսահայերու «Խաչատուրեան» երգչախումբը՝ գլխաւորութեամբ Ստեփան սարկաւագ Կէօզումեանի, Ս. Պետրոս եկեղեցւոյ «Կոմիտաս» երգչախումբը եւ այլն:
Նմանապէս, կ՛արժէ յիշել անունները մեր ատենապետներուն.
Խաչիկ Ճանոյեան, Վարդան Նազիրեան, Ստեփան Յովակիմեան, Նորայր Խաչատուրեան, Խաչիկ Ճանոյեան (Բ. շրջան), Վահան Ալատատեան, Օննիկ Ալեքսանեան, Վահան Ալատատեան (Բ. շրջան) եւ Հրայր Եղիայեան:
Յիշատակութեան արժանի են ծուխի բոլոր նուիրեալ վարչականները, Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ վարժարաններու պատասխանատուները, դպրաց դասի անդամները, սարկաւագները, նուիրատուներն ու բարերարները: Այս բոլոր ազգայինները հրաւիրուած են ներկայ ըլլալու վերոնշեալ պատմական տօնակատարութեան:
Նուիրատուութեան, մոմավառութեան կամ տոմսերու համար, դիմել յանձնախումբի ատենապետուհի Լենա Սիմոնեանին՝ (818) 383-1322 թիւով:
Տոմսի նուէրն է 80 տոլար՝ ընթրիքը ներառեալ:
Սիրելի հայրենակիցներ, եկէք բոլորս միասին ուրախութեամբ նշենք մեր ծուխի տարեդարձը, միշտ Աստուծոյ փառք եւ գոհութիւն տալով այս հոգեւոր տան համար:
Կը սպասենք ձեր հեռաձայններուն: