ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Մեր ընթերցողներէն շատեր տեսած են։ Նախ համացանցի, ապա՝ հեռուստակայաններու միջոցաւ, համայն աշխարհին սփռուեցաւ այն լուսանկարը, ուր կ՛երեւէին գերեվարուած ծնկաչոք ֆրանսացի մը եւ անոր կողքին կայնած ԻՊի («Իսլամական Պետութիւն») դահիճը: Այս անգամ, լրատուութիւնը կու գար Ալճերիայէն. այս երկրին մէջ խարսխուած իսլամական կազմակերպութիւն մը հպատակած էր ԻՊին եւ արարքով կ՛ապացուցէր իր հաւատարմութիւնը եւ վճռակամութիւնը: Արդեօք դեռ քանի՞ երկիրներու մէջ կան ու կը գործեն նման մտայնութեամբ օժտուած իսլամական խումբեր: Եթէ նկատի ունենաք ԻՊի նկատմամբ համակրանքը, արդեօք մեր երկիրը՝ Թուրքիա, ի՞նչ ներուժ կ՛ունենայ նման ոճրագործներ արտադրելու համար: Զարմանալի է, բայց նման հարցում տակաւին ունի իրարու հակասող երկու պատասխաններ:
Իրաւացի պատասխանը արդէն շատ յստակ է: Բայց կայ նաեւ խաբկանքին ապաւինողներու միամիտ պատասխանը: «Ո՛»չ պիտի ըսեն անոնք: «Ո՛չ, մեր երկիրին մէջ նման բան չի պատահիր»:
Իսկ որքանո՞վ կարելի է մեղադրել այս միամիտ պատասխանին դիմողները: Պէտք է հասկնալ, որ նախ եւ առաջ սարսափն ու վախն են, որոնք զիրենք այսպէս անփոյթ կը դարձնեն: Ապա, կայ ամբողջ երկիրը սուտի ու խաբկանքի մատնող հսկայ քարոզչամեքենան: Թուրքիոյ օրաթերթերը եւ հեռուստակայանները կը փորձեն արար աշխարհին տեսածը շրջել: Անշուշտ, եթէ կարելի ըլլայ, նախագահ Էրտողան պիտի փորձէ «Նիւ Եորք Թայմզ» կամ «Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթերն ալ կարգի բերել: Թէեւ սա պահուս կարելի չէ, բայց Թուրքիոյ պետական մտածելակերպով ամէն ինչ գին մը, ամէն ինչ փոխարժէք մը ունի: Կաշառքով կամ սպառնալիքով կարելի է ապացուցել, թէ իրաւունքը զօրաւորին է:
Իսկ անդին, կայ «Արշաւէ՛ Ուոլ Սթրիթ» կարգախօսով ներկայացող եւ «Մենք 99 տոկոս ենք» յայտարարող կշիռքի միւս նժարը:
Եթէ շատեր կը շփոթեն ու կասկածով կը մօտենան Եւրոպայի մէջ լոյս տեսնող եւ մեծ ընդունելութիւն գտած կնոջական «Էլ» պարբերականի հրատարակութեան տնօրէն Վալերի Թորանեանի՝ ԻՊի դէմ պատերազմող քիւրտ կանանց ուղղուած խօսքերուն: «Սուրիոյ Իրաքի սահմանին վրայ գտնուող ժողովուրդի ինքնապաշտպանման միաւորումներու 40 տոկոսը կիները կը կազմեն: Այս զինեալ կիները «ճիհատ»ականներու դէմ պայքարին մէջ լոկ զինուորական գոյութիւն մը չեն. անոնք յետ պատերազմեան շրջանին ալ իրենց իրաւունքները ապահովելու ուղղուած օրինականութիւն մը կը զարգացնեն: Գոնէ այդ յոյսը կը գոյացնեն: Նախագահ Օպամա եւ Հոլանտ սատարելու են իրաքեան դիմադրութեան, բայց՝ սուրիականի՛ն ալ: Անոնք արժանի են ժողովրդավարականներու կրկնակի օժանդակութեան: Քանզի անոնք բարբարոսութեան դէմ հերոսաբար կը պայքարին: Քանզի անոնք կիներու պատմութեան մէջ ցարդ չարձանագրուածին համար գլուխ կը ցցեն: Եւ համաշխարհային ազատատենչ պայքարը ահա՛ հիմա կը ծագի: Համայն աշխարհի պատուոյ խնդիրն է՝ անոնց չմոռնալ: Երբե՛ք պիտի չդադրի կիներու երթը»:
Վալերի Թորանեան այս տողերով աւարտած իր խմբագրականին տակ կ՛աւելցնէ 13 տարուան ծառայութենէ ետք՝ «Էլ» պարբերականէն հրաժարումը: Մեզի համար մեծ ուրախութիւն է հանրային հեռուստաեթերով տեսնել Երեւանի փողոցներուն վրայ Շենկալի զօրակցութեան համար աշխատող հայ երիտասարդութիւնը: Ինչ լաւ է, որ Հայաստանի իշխանութիւններն ալ կը հաստատեն «Ցեղասպանութիւն ապրած ժողովուրդը չի կրնար անտեսել այլ ցեղասպանութիւններ» համոզումը: