ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուած է Եւրասիական տնտեսական միութիւն մտնելու համաձայնագիրի նախագիծին: Կառավարութեան 2 Հոկտեմբերի նիստին համապատասխան նախագիծ ներկայացուցած է ելեւմուտքի փոխնախարար Սուրէն Կարայեանը: Փաստաթուղթի բովանդակութիւնը 3 օրուան ընթացքին ստուգման պիտի ենթարկուի՝ թարգմանութեան ճշգրտութեան համար:
Մասնաւորապէս, կողմերը տուրքերը եւ մաքսային այլ վճարումները պիտի կիսեն նախապէս պայմանաւորուած համամասնութեամբ. Հայաստանին բաժին պիտի հասնի գանձումներուն 1.13 տոկոսը, Պելոռուսին՝ 4.65 տոկոսը, Ղազախստանին՝ 7.25 տոկոսը, Ռուսիոյ՝ 86.97 տոկոսը։
Հայաստան լուծած է նաեւ շարք մը ապրանքներու նախկին մաքսատուրքերը պահպանելու երկար քննարկուող հարցը: Երկրի տնտեսութեան համար կարեւոր եւ երրորդ երկիրներէն արտածուող շարք մը ապրանքներու պարագային քանի մը տարի պիտի գործէ Հայաստանի մէջ սահմանուած մաքսատուրքը:
Այդ ապրանքներուն համար մաքսատուրքերը պիտի աւելնան աստիճանաբար՝ 7 տարուան ընթացքին, միջինը 2-3, յատուկ պարագաներու՝ մինչեւ 15 տոկոսով: Իսկ մինչեւ 2022 Հայաստան ամբողջութեամբ պիտի անցնի ԵՏՄի միասնական տուրքերուն:
Մաքսատուրքերէն զերծ պիտի մնան միսը (տաւարի միս, խոզի միս, թռչնամիս), կաթի փոշին, կարագը, եգիպտացորենն ու բրինձը, բուսական եւ կենդանական իւղը, պենզինը եւ շարք մը այլ նաւթամթերքներ, դեղերը, ինքնաշարժներն ու փոխադրատարները (թեթեւ մարդատար մեքենաներ, փոքր եւ մեծ պասեր, բեռնատարներ):
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.