
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Նոր վերադարձած եմ տուն երկշաբաթեայ լարուած ճանապարհորդութենէ: Սկիզբը մասնակցեցայ Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Սփիւռք համաժողովին, ուր համանախագահներէն էի Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի նիստին եւ ելոյթ ունեցայ երկու այլ նիստերու ընթացքին՝ առաջարկելով ձեւաւորել ժողովրդավարական ճանապարհով ընտրուած համասփիւռքեան կառոյց, որ պիտի ներկայացնէ Հայաստանէն եւ Արցախէն դուրս բնակող եօթը միլիոն հայերը:
Այնուհետեւ, մեկնեցայ Ռումանիոյ մայրաքաղաք Պուխարեստ, միանալու համար տասնեակ երկիրներէ մասնագէտներու, գործիչներու, լրագրողներու եւ հոգեւորականներու, առաջին անգամ տեղի ունեցող Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային համաժողովին առթիւ:
Ռումանիոյ մէջ Թուրքիոյ մշտապէս աչալուրջ դեսպանը մեծ ջանքեր գործադրեց՝ տապալելու համար ոչ միայն Հայոց Ցեղասպանութեան համաժողովը՝ կազմակերպուած Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդարանին կողմէ, այլեւ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած խաչքարի բացման արարողութիւնը: Թուրք դեսպանի ջանքերը յօդս ցնդեցան, քանի որ խաչքարի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ նախատեսուած օրը՝ Սեպտեմբեր 26ին, որուն ներկայ էին Փիթեշթի փոխքաղաքապետը, Արճեշի նահանգապետը՝ ռումանացի այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու եւ Ցեղասպանութեան համաժողովի մասնակիցներուն հետ միասին: Ի դէպ, երբ դեսպանը առարկած էր խաչքարի տեղադրման, Փիթեշթի քաղաքապետը խստօրէն յանդիմանած էր զայն՝ ըսելով, որ ան իրաւունք չունի միջամտելու ռումանական քաղաքի ներքին որոշումներուն…
Թուրք դեսպանը այնուհետեւ փորձեց խոչընդոտել Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային համաժողովը: Թուրքիան մեծ ազդեցութիւն ունի Ռումանիոյ վրայ՝ երկու երկիրներուն միջեւ առկայ լայն առեւտրական կապերուն շնորհիւ: Դեսպանը պէտք էր յատկապէս նեղացած ըլլար այն հանգամանքէն, որ Ցեղասպանութեան համաժողովը ֆինանսաւորուած էր Ռումանիոյ կառավարութեան կողմէ: Բարեբախտաբար, դեսպանը չյաջողեցաւ խանգարել իրականացումը համաժողովին, որ տեղի ունեցաւ՝ ըստ նախատեսուած ծրագիրին: Համաժողովին ներկայ էին մասնագէտներ Հայաստանէն, Պելճիքայէն, Պուլկարիայէն, Գերմանիայէն, Իրանէն, Լիբանանէն, Քանատայէն, Յունաստանէն, Միացեալ Նահանգներէն, Չեխիոյ Հանրապետութենէն, Ռումանիայէն եւ Սուրիայէն:
Միակ անակնկալը այն վայրն էր, ուր իջեւանած էին համաժողովի մասնակիցները: «Թեմփօ» հիւրանոցի նախասրահ մտնելու ընթացքին շքամուտքի հարեւանութեամբ գտնուող դարակին վրայ նկատեցի քանի մը թրքական թերթ, ներառեալ՝ «Զաման» թերթը (ռումաներէնո՛վ): Յաւելեալ քննութենէ ետք յայտնաբերեցի գրքոյկ մը, որուն միջոցաւ պարզեցի, որ հիւրանոցի սեփականատէրը թուրք մահմետական հոգեւոր գործիչ Ֆեթհուլլահ Կիւլենն է։ Ճիշդ է, որ հիւրանոցը շատ յարմարօրէն կը գտնուէր հայկական եկեղեցւոյ կեդրոնէն մէկ թաղ անդին, ուր տեղի կ՛ունենար համաժողովը, սակայն որոշ հայ մասնակիցներու համար տհաճ էր գտնուիլ թրքական հիւրանոցին մէջ: Հետաքրքրական էր, թէ ինչ զգացած էին թրքական հիւրանոցի տէրերը, երբ պարզած էին, որ կը հիւրընկալեն աշխարհի զանազան կողմերէն եկած Հայոց Ցեղասպանութեան քսանեակ մը մասնագէտներ։
Հետաքրքրուելով, թէ ինչ կը քննարկուէր համաժողովին, Թուրքիոյ դեսպանատունը իր երկու աշխատակիցները ուղարկած էր հետեւելու զեկուցումներուն, զորս թուրք դեսպանը պարտաճանաչ կերպով պէտք էր փոխանցէր Անգարա: Բարեբախտաբար, ոչ մէկ տհաճ միջադէպ տեղի ունեցաւ: Երկու թուրք դիւանագէտները զուսպ էին եւ չէին փորձեր խանգարել համաժողովը: Նմանապէս, ոչ մէկ հայ մասնակից փորձեց միջամտել թրքական դեսպանատան պաշտօնեաներու աշխատանքին:
Համաժողովին՝ «Ցեղասպանութեան ճանաչում կամ արդարութեան պահանջ» նիւթով դասախօսութեամբ հանդէս գալէ բացի, ունեցայ հաճելի աշխատանքը՝ ներկայացնելու Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ռումաներէն թարգմանութեամբ իմ երկու գիրքերը, որոնք նոր հրատարակուած էին Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդարանին կողմէ: Առաջին գիրքը ժողովածու մըն է, ուր ամփոփուած են իմ հարիւր խմբագրականները, որոնք վերջին տարիներուն հրատարակուած են «Քալիֆորնիա Քուրիըր» եւ այլ թերթերու մէջ: Չորս հարիւր էջ կազմող գիրքը կը կրէ «Հարիւր Յօդուած Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Առթիւ» խորագիրը: Երկրորդ գիրքը՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Աշխարհը Ձայն Կը Բարձրացնէ. Փաստաթուղթեր եւ Հռչակագիրներ, 1915-2015» խորագիրով, նոյնպէս հրատարակուած է Հայոց թեմին կողմէ՝ ռումաներէն թարգմանութեամբ:
Հայոց առաջնորդարանը եւ համայնքի ղեկավարները հրատարակչական աշխոյժ ծրագիրներ ունին՝ ռումաներէնի թարգմանել Հայոց Ցեղասպանութեան մասին շատ կարեւոր գիրքեր՝ հակառակ հայ համայնքի անդամներու թիւի նօսրացման՝ դէպի Արեւմտեան Եւրոպա եւ Հիւսիսային Ամերիկա արտագաղթի ալիքներու պատճառով:
Ռումանիոյ հայկական համայնքին մէջ երկու նշանաւոր Վարուժան կայ: Առաջինը՝ Ռումանիոյ հայոց միութեան նախագահ, Ռումանիոյ գրողներու միութեան փոխնախագահ, ծերակուտական Վարուժան Ոսկանեանն է: Ան Ռումանիոյ տնտեսութեան եւ առեւտուրի նախկին նախարարն է եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին շատ կարդացուած ինքնակենսագրական վէպի հեղինակը: Երկրորդը՝ Վարուժան Փամպուքճեանն է. Ռումանիոյ խոր-հրդարանի պատգամաւոր եւ Ռումանիոյ խորհրդարանին մէջ ներկայացուած ազգային փոքրամասնութիւններու նախագահը:
Համաժողովի մասնակիցներուն մեծ մասը առաջին անգամ ըլլալով կը գտնուէր Ռումանիա: Անոնք խոստացան աջակցիլ տեղի հայ համայնքի ջանքերուն, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց՝
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
«Եռագոյն» կայքը