ՄՈՍԿՈՒԱ, «Իթար-Թասս».- Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր Պերլինի մէջ իր թուրք պաշտօնակիցին՝ Մեւլուտ Չաւուշօղլուի հետ, հանդիպումէն ետք յայտնած է, թէ կը զօրակցի Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան բանակցութիւններու շարունակման:
«Անոնք, որոնք թերահաւատօրէն տրամադրուած են, պէտք է շահագրգռուած ըլլան այս հարցով՝ կապուած իրաւական համակարգի զարգացման եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպանութեան հետ», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ այդ մէկը կարելիութիւն պիտի տայ Թուրքիոյ յստակօրէն ըսելու, թէ ինչպիսի՞ բարեկարգումներ պէտք է որդեգրուին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.