ՊՐԻՒՔՍԷԼ, «Ռոյթըրզ».- Անտերս Ֆոկ Ռասմուսեն երէկ հեռացաւ ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնէն եւ զայն փոխարինեց Նորուեկիոյ նախկին վարչապետ՝ 55ամեայ Հանս Սթոլթընպըրկը: Վերջինս այդ պաշտօնին նշանակուած էր անցեալ Մարտին:
Ռասմուսենի լիազօրութիւնները աւարտած էին Սեպտեմբեր 30ին: Ան «Թուիթըր» ընկերային ցանցին վրայ գրած էր. «Շնորհակալ եմ ՆԱԹՕի դաշնակիցներու աջակցութեան եւ վստահութեան համար»: Ան նաեւ նշած է, որ լիազօրութիւնները Սթոլթընպըրկի յանձնելէ ետք՝ «զօրաւոր դաշինքը կը ձգէ ուժեղ ձեռքերու մէջ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.