Այցելութեան ծիրին մէջ բանակային զօրամիաւորման հրամանատար զօր. Իշխան Մաթեւոսեան սպառիչ տեղեկութիւններ փոխանցած է սահմանագօտիին վրայ տիրող իրավիճակին, հակառակորդին կողմէ զինադադարի դրութեան պարբերաբար խախտումներու եւ հայկական կողմէ ձեռնարկուող կանխարգելիչ գործողութիւններուն վերաբերեալ: Ան նաեւ ներկայացուցած է մարտական աշխատանքներուն ընթացքը։
ՀԱՊԿի գլխաւոր քարտուղարը ծանօթացած է նաեւ հայ սահմանապահներու ընկերային-կենցաղային պայմաններուն, թիկունքային ապահովման, մարտական ծառայութեան առանձնայատկութիւններուն:
Լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղար Նիքոլա Պորտիւժա անդրադառնալով սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակին՝ նշած է, որ իրավիճակը ընդհանուր առմամբ գոհացուցիչ է եւ իր այցելութեան նպատակն ալ այդ սահմանագիծին վրայ առկայ իրավիճակին վերաբերեալ համապատասխան զեկոյց կազմելն է:
Ասիկա ՀԱՊԿ գլխաւոր քարտուղարին առաջին այցելութիւնն էր հայ-ատրպէյճանական պետական սահմանագօտի: Ողջունելով Նիքոլա Պորտիւժայի այս քայլը՝ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան նշած է, որ նմանօրինակ այցելութիւնները կը վերահաստատեն, որ ՀԱՊԿի ղեկավարութիւնը հետաքրքրուած է ՀԱՊԿի անդամ պետութիւններուն մէջ տիրող իրավիճակով, եւ այսպիսի այցելութիւններու արդիւնքի հիման վրայ է, որ կը ձեւաւորուին ընդհանուր տեսակէտներ՝ իրավիճակէն բխող հնարաւոր քայլերը եւ անոնց յաջորդականութիւնը որոշելու առումով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.