ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Որքանով հեռատես է Էրտողան-Դաւութօղլու համահեղինակութեամբ ձեւաւորուած թրքական այս քաղաքականութիւնը, ժամանակը ցոյց պիտի տայ: Այս հանգրուանին, սակայն, արդէն յստակ է, որ Թուրքիան յաչս աշխարհին կը ներկայանայ իր հարազատ դէմքով՝ անմիջական շահեր ապահովելու ճանապարհին մարդկային ծով արեան մէջէն անցնելու ճիւաղային անտարբերութեամբ:
Յանցագործ վերաբերմունքը, այո, կրնայ մոռցուիլ կամ աննկատ մնալ քաղաքական նպատակայարմարութեան տրամաբանութեամբ աշխատող մեծ պետութիւններուն կողմէ եւ այդ գծով, Էրտողան-Դաւութօղլու զոյգը մտահոգուելու պատճառ չունի իր արիւնոտ մեղսակցութեան հետեւանքներէն:
Հարուածը, սակայն, պիտի գայ ներսէն, քրտական հարցը վերակենդանացնելով Թուրքիոյ մէջ եւ արիւնալի ճակատումներու նոր հանգրուանի մը դռները բանալով. ճակատում, որ թէ՛ բնոյթով եւ թէ տարողութեամբ կրնայ գլել անցնիլ անցեալի բախումներու սաստկութիւնը:
Արդարեւ, թրքական կեղծիքէն զզուած քիւրտ մարտիկներուն ու իրենց ղեկավարներուն կը վերահաստատուի այդ պետութեան ցեղապաշտ քաղաքաական ուղղութիւնը, որ երբեք պիտի չհանդուրժէ իր սահմաններէն ներս ապրող քիւրտերու ինքնավարութեան ու ազատութեան ձգտումները եւ պիտի փորձէ իր բոլոր միջոցներով ջարդել այդ տենչով ապրողներուն կորովը: Այս գիտակցութիւնը բաւարար պիտի ըլլայ նոր մղում տալու քրտական ազատագրական պայքարին, որ կրնայ այս անգամ Թուրքիոյ համար անկանխատեսելի վիճակներ ստեղծել, եթէ անշուշտ տարածաշրջանի քրտական միւս ուժերուն գործակցութիւնը կարենայ ապահովել: